Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/334

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նուարդը քանդակագործ է, ամուսինը նկարիչ: Աքանչելի զոյգ մը։ Նուարդը ամուսինին դառնալով կըսէ.– Սիրելիս, այսքան տարի ապ­րեցանք միասին քու քաղաքիդ մէջ։ Հոոմ, շուտով հանգստեան պիտի կոչուինք։ Եկուր մեր կեանքին մնացեալ մասը շարունակենք Երեւանի մէջ, Հայաստան։

Եղբայրս Արմէնը կուրախանայ, հօրս ոսկորները կուրախանան, մենք կուրախանանք ու մեր հողին վրայ կր ստեղծագործենք նաեւ։

Ամուսինը համաձայն էր։

Զարմանալի ճակատագիր։ Նուարդ Զարեանր ծնած է Ֆլորենցիա, յայտնի դերասանուհի էլէնորա Դուչէի տան մէջ։

Ւսկ Վահէ Զարեանր կըսէր.– Հայկական ուսումս ստացայ Վենետի­կի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, ար վարդապետներուն ըն­կեր վարդապետ կըսէի, մենք հայաստանցի էինք։

Վա Հէն Կ ուզէր Հայաստան հաստատուիլ։

Մոնթրէալի մէջ երբ հանդիպեցայ Տէր եւ Տիկ. ՝թէօսէեաններուն, անոնք ալ կըսէին թէ թափառումները վերջ չունին, պէտք է հաս­տատուինք Երեւան։ Մանուէլին կինը Սոս տան Զարեանին թոռնուհին է։ Երեւանաբնակ ճարտարապետ Արմէն Զարեանին աղջիկը։ կոստանի ճանապարհով, բոլոր Զարեանները կր ձգտին դէպի Հա­յաստան։

Հաւատացէք, որ շատ հաճելի է ճամբորդութիւնը Լենինկրատէն Լը Հաւր, ամբողջ Պալթիկ ծովոլ երկայնքին ու Հիւսիսային ծովուն վրայ, Սովե տ ներ ու երկրէն մինչեւ Ֆրանսա:

Այս ծովերը եղերող շատ երկիրներու նաւահանգիստները թաց են ուդեւորին համար այնքան ժամ, որքան ժամանակ նաւը առնէ ճամբորդներ կամ բեռ կամ վառելանիւթ:

Ա ՛իջնէի Հելսինքֆորս, Սթոքհոլմ, Սէօթէպուրկ, ՝Ոոբէնհակրն, Լոնտոն ապա Լը Հավրը։ Նաւուն վրայ կայ բազմազգ բազմութիւն։

Կր ծանօթանանք ֆիններու, շուէտներու, նորվեկիացիներու, դանիացիներոլ, անգլիացիներու, ֆրանսացիներու ու տակաւին արաբներու, ասորիներու եւ... հայերու:

Օլէյի Նեննոնէնը ֆինլանտացի էր։Լաւ ռուսերէն գիտէր։ Ու ահա նաւուն ընթերցասրահին մէջ ծանօթանալէ ետք ինծի ու հայ րԱալս գիտ­նալէ ետք, ժամ մը խօսեցաւ Տիգրան Պետրոսեանի, շախմատի աշխարհի հայ արքային մասին։ Խօսեցաւ թէ Պետրոսեանր երբ, ուր, ընդդէմ որո^ւ