Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/335

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

խաղացած էր իր ամէնէն խելացի խաղերը։ Ես մտիկ կ*րնէի անսահման համբերութ՜եամբ։ Ոչինչ կրնայի րսել։ Րացարձակ գաղափար չունէի եւ այսօր ալ չունիմշախմատի մասին։

Տեսայ պարզուեցալ, որ Օլէի Նեննոնէնը շատ կը սիրէր ծովը, ծովուն ալիքները եւ ծ՜ովանկարչութիւնը ու գրեթէ ամէն տարի երկու անգամ Պալթիկի վրայով կը ճամբորդէր մինչեւ Լոնտոն, այսինքն չորս անգամ ժամերով կը դիտէր Պալթիկի ալիքները։ Ժամերով ըսիոչ, օրերով, քանի որ Հելսինքի-Լոնտոն ուղին, նաւը կը հատանէր չորս օրէն։

եր խօսէինք նկարչութեան մասին։ Յանկարծ Օլէին հարց տուաւ ինծի, թէ կը ճան չնայիլ Իվան Այվազովսկին։

եր ճանչնամ, ըսի, մեծ հայ մրն է։ Ինչպէս քու սիրած Պետրոսեանդ շախմատի մէջ, Յովհաննէս Այվաղեանն ալ ծո վանկա րչո ւթեան մէջ։

Զի կրնար ըԱալ, ըսաւ։ ե*երեւի դուք հայերդ, աշխարհի մեծերը հայացնելու ձգտումր ունիք։ Եթէ շարունակենք մեր խօսակցութիւնը պիտի ըսէք Սիպելիուսը հայ է եւ Սիպելեան կը կոչուի, Գագարինը հայ է եւ Գագարեան կը կոչուի։

Ոչ, ըոի, Օլէյի, թող Սիպելիուսը մնայ ձերը, Գագարինը մնայ ռուսերուն, բայց քու սիրած Այվաղովսկիդ հայ է։ Եկուր եովկաս, Թէոդոսիա, գնա մեծ ծո վան կա րիչին տուն թանգարանը, այցելէ գերեզմանը եւ հոն հայերէն արձանագրութիւնը պիտի վկայէ, իր կենսագրութիւնը պիտի վկայէ, որ Այվագովսկին հայ է։

Հայը միշտ ալ տուած է տաղանդներ։ Ուրիշին տաղանդը գողնալու պէտք չունինք։

Ծով չունինք, բայց ծովանկարիչ ունինք, ծովակալներ ունինք։ Ծո­վերը թող մնան ծով ունեցողներուն, բայց ծովանկարիչ Այվագովսկին մերն է, ծովակալ Իսակովր մերն է։

Ծով չունինք, բայց ծով երաղանք ու ձգտում որքան ուղես։

Համոզուեցայ, ըսաւ Օլէյի Նեննոնէն։

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԳԱՎՈԻ՝ՐճԵԱՆին անունը կը ժպտի ինծի 1945 թուա­կանին Պաղ տատ տպուած գրքոյկի մը առաջին էջէն, ուր գրուած էր «Հայաստանը եր Խօսի»։

Հայրենասիրական պոէմ մրն էր։ Գեղարուեստականօրէն տկար, բայց հայութեամր փափախուն առաջին կանչը այս տարօրէն բաբի, աշխա­տասէր, պրպտող մարդուն, որ չկրցաւ բանաստեղծի համբաւ մը ունենալ, բայց եղաւ արդիւնաշատ ճարտարապետ եւ պատմաբան։