Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/336

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այդ գրքոյկէն ետք իրմէ ունեցայ դիտական ուսու մնասիրութիւն մր հայ եւ արմէն անուններու ծագումին շուրք եւ Ուրարտուի մասին։

1984ի Հոկտեմբերին, երբ Ա ոնթրէայ կր գտնուէի, նոր գիրք մը եւս ունեցայ Գավուքճեանէն «Հայ Ժողովուրդին Ծագումը»:

Ուսումնասիրելով հին ու նոր լեզ ուներ, Գավուքճեանը ձեռնամուխ եդած է գիտական պատմագրութեան անսուտ ճանապարհով հաստատել, որ հայը իր երկրին բնիկն է, որ Ուրարտուն, Նայիրին՝ Արային երկիրը Արեւի երկիր կը նշանակէ ու Արեւի երկիր Հայաստանր համաշխարհային քագաքակրթութեան օրրանն է։

Գավուքճեանը շուտով անգլերէն լեգուով ու վաւերական փաստացի տուեալներով միջազգային հասարակութեան պիտի ներկայացնէ ուսումնասիրութիւն մըթ ուր կը հաստատէ, թէ քաղաքակրթութեան հնագոյն օրրանը Յունաստանէն շատ աոաջ եղած է Հայաստանր: Այսինքն, հայ Ժողովուրդը եղած է քաղաքակրթութեան հնագոյն տարածիչներէն մէկը։

Երեւան ուսանածտարիներուս յաճախ կը տեսնէի ղինք։ Այցելութիւն կու տայի իր տան Երեւանի կիլիկիա թաղ ա մասին մէջ։

Պարդ, համեստ մարգ էր։ «Հայ եւ Արմէն Անուններու Ծագումը» դՒՐՔՒ^ ^եռագիրը ինծի յանձնեց օր մր, որ կարդամ ու կարծիքս յայտնեմ։

կարդալէ ետք, ըսի իրեն, աշակերտդ անղամչեմ կրնար ըլլալ։ Գրա­ծըդ գլքսէս բարձր է, բայց տուր տանիմ Պէյրութ ա տպեմ։ Չտուաւ։ Խորհեւցաւ, որ կը յաջողցնէ գիրքին տպագրութիւնը Հայաստանի մէջ։ Զտպեցին։ Ի վերջոյ այդ գիրքը տպուեցաւ Պէյրութի մէջ եւ մեծ աղմուկ բարձրացուց ոչ միայն Սփիւռքի, այլ նաեւ Հայաստանի պատմաբաններու շրջանակներուն մէջ։

Երեւանի մէջ հոյլ մը սքանչելի հետեւորդներ ունի այսօր Մարտիրոս Գավուք ճեանը։

Մոնթրէալ, իր տան յ4էջ մէկ քանի զրոյցներ ունեցայ այս պատ­րական հայորդիին հետ։ Պատմութիւնը իր տարերքն է։

Մէկ մտասեւեռում ունի։ համաշխարհային գիտական կարծիքին պարգեւ այն իրողութիւնը, որ հայր իր երկրին բնիկն է, որ Հայաստանն է երկրագունդի քաղաքակրթութեան հնագոյն օրրանը։

Ես յաջողութիւն մաղթեցի բանաստեղծ, ճարտարապետ ու պատ­մաբան Մարտիրոս Գավուքճեւսնին, որ ուր ալ րըայ կ՚ապրի Հայաստանով, Հայաստանի համար...