Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/338

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Մեր եւրկրին մէջ գրականութեան հ անդէպ սէր կայ, բայց քիչ անգամ կր հանդիպիս գիրքի մը, որուն տպաքանակը անցնի տասր Հազարր։ Ա՛­սիկա լաւ երեւոյթ մը չէ:

Զայց ընթերցասիրութեան պակասր կու գայ լրացնել թատրոնը: Մեր ժողովուրդը շատ կը սիրէ թատրոնը ու մեր մօտ ալիքուող սէր մը կայ Պերթոլտ Պրեխտի նկատմամբ։

Մի զարմանար, որ Սարոյեանն ալ սիր ուած է իր անսահման մարդկայնութեան ու պարզութեան եւ խորու նկ փիլիսոփայական բովան­դակութեան պատճարւով։

Մեր չորսու կէս ժամր շուտով պիտի հասնի իր աւարտին, նաւը մեզ թսպասեր, ուստի, աճապաըանօք կր հաւաքենք մեր թուղթերր ու Վա Հէ Զարեանը զիս կր հասցնէ նաւահանգիստ:

Մի մեկնիր, կիսեմ Զարեանին, նաւէն շիշ մր քոնեաք եւս բերեմ, որ հայ տզոց հետ խմէք Հայասւոանի կենացը: Զոյգ-գոյգ կր բարձանամ նալուն աստիճաններէն ու խոստացածս կը բերեմ։

Նաւը կու տայ մեկնումի ազդանշանը, Վահէ Զարեանը քոնեաքի շիշը դարձուցած է դրօշ, վաղը, կը պոռայ, վաղը տասը հոգիով պիտի խմենք երկու շիշ Հայաստանի քոնեաք։

Ես, կինս, զաւակներս ցտեսութիւն կը պոռանք։

Նաւը ուղղութիւն կը վերցնէ դէպի Լոնտոն։ Ցտեսութիւն Տանիմարքա, ծովահարս երկիր, հակ առակ հիւսիսի ցուրտին, քու մէջդ ալ ջերմութիւն գտայ, ջերմութիւն՝ իմ ժողովուրդիս հանդէպ։

ԽԱԶԻՍ ՓԻԼԻՍԵԱՆը նկարիչ է, երգիչ է, եր աժշտագէտ է։ Արուեստի նուիրուած, իր ժողովուրդին նուիրուած երիտասարդ մը, որ երբեք չմտածեց դրամի մասին։

Իրաք ծնած, Պէյրութ մեծցած այս աղան, համարեայ մեր դրացին էր, Իրը ես շրջան մը Պէյրութ կքապըէի։ Այդ օրերուն, Յովակիմեանի ուսանող էր եւ արդէն, եղբօրը Յովհաննէս Փիփկեանին նման իր շուրջի բարեկամներուն յոյս կը ներշնչէր, թէ օր մը, տեղ մր կը հասնի։

Խաչիկը մեկնեցաւ Իտալիա, մարզելու համար իր ձայնը։ Յովհաննէսը մեկնեցաւ Լոնտոն։ Շատ կր սիրէր թատրոնր, ուրեմն Շէյքսբիրը։ Այդ Օրերուն ես լուսանկարիչ էի, Յովհաննէսը Շէյքսբիրեան դերեր կը վերցնէր ինքն իրեն ու ես զինք կը նկարէի զանազան դերերու մէջ, զանազան դիրքհրով։

Խաչիկը անցաւ Ամերիկա: ք^արձրապոյն տիպլոմի տիրացաւ, եղաւ