Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/339

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դասախօս, ապա վերադարձաւ Լոնտոն ու եղբօրլ ՅովՀաննէսին նման մնաց Հոն:

Ու սանողութեանս օրերուն Խաշիկր եկաւ Երեւան, տուաւ մենահամերգ: Հայաստանի մամուլր իր նկարչական պոր ծեր էն տպեց նմոյշներ:

Մեր Հանդիպումը երաղային էր: Ժամերով կր պատէինք Երեւանի օփերան եզերող պողոտաներու վրայ ու մեր նիւթր Սփիւռքն էր իր բազ­մապիսի դժուարութիւնն եր ով:

ՅովՀաննէսր չեմ տեսած տասնամեակներէ ի վեր, բայց միշտ կը Հանդիպիմ իր յօդուածներուն, որոնց մէջ յաճախ խ անդավառութեան տո­կոսը բարձը է:

Իսկ Խաչիկը վեըջեըս արաբերէնով գրեց ուսումնասիրութիւն մը, որ տպուեցաւ Պէյրութի մէջ կոմիտասի, Հայ եւ արաբ երաժշտութեան մասին է գիր<թը, որ ալ ընդունելութիւն գտաւ յատկապէս արաբ ընթեր­ ցողներու մօտ թէ Պէյրութի, թէ Հալէպի մէջ:

Երկու եղբայր, որոնք Հողեւին նուիրուած են մեր մշակոյթին ու ամէն առիթով օտարներու մօտ վկայութիւն կու տան իրենց պատկանած ժո­ղովուրդին մասին:

Երկու եղբայր, երկու նուիրում; Ու ես ունիմ երկու բարեկամ եւս, էոնտոնի մէջ:

ԳԷՈՐԳ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆը Հալէպ էր, մեկնեցաւ եւ իր ուսումը շարունակեց կիպրոսի Մելղոնեան կրթական Հաստատութեան մէջ:

Ես իրեն ծանօթացայ մեր դպրոցին Մելգոնեանի աստիճաններուն վրայ, 1969 թուականի Օգոստոսին: կուգէր մեկնիլ Հայաստան եւ Հայագիտութիւն ուսանիլ:

1980ի վերջերուն, երբ դինք տեսայ Պուէնոս ԱյՐէԱԻ մէջ Հասկցայ որ աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանը եւ Ար ժանթին ի մայ­ րաքաղաքին մէջ ուսուցիչ է Մարի Մանուկեանի անուան դպրոցին մէջ ու միաժամանակ կր խմբագրէ «Սարդարապատ» շաբաթաթերթը:

Ինծի Համար ուրախ Հանդիպում էր եւ ուրախօրէն կը Հաստատէի, որ երիտասարդ մը իր նպատակին Հասած, իր նպատակին կր ծառայէր:

Վերջերս, Ղէորգ Մարաշլեանր, ՎաՀրամ Մավեանին նուիրուած գիրք մր կազմեց ու խմբագրեց: ՎաՀրամր Ղէորդին ուսուցիչը եղած էր:

Երանի մեծթիւով աշակերտներ այս ձեււով յարգեն իրենց ուսուցիչը:

Այն ատեն, մենք կունենանք այլապէս կորստեան դատապարտուած շատ ուսանելի գործեր: