Լաթաքիայէն բժիշկ բարեկամս* Լեւոն Զէնեան, Լոնտոն պիտի մեկնէր մանկաբոյժ մասնագէտի իր վկայականին վրայ նոր մը աւելցնելու: Պէտք ունէիր արդեօք։ Այդ իր գործն էր։ Բայց ահա պէտք ունէր լաւ ատամնաբոյժի մը, ինձմէ անուն մը կքուզէր, հասցէ մը։
Աոանց եր կար մտածելու րսի բժիշկին. Լոնտոն կը մեկնիս, չէՀ կ 9եր թ՜աս ուղիդ Միշա Գիւտեանին մօտ։ Պատրաստուած ատամնաբոյժ է։ Վստահ եմ գոհ կը մնաս։
Այդպէս ալ եղաւ։ Բժիշկ Զէնեան իր գոհունակութիւնը յայտնող երկտող մը գրեց ինծի Լոնտոն էն։
Ես ալ այցելած եմ Թայմզ գետի ափին գտնուող այս քաղաքը, որ էր երբեմն կը ղեկավարէր աշխարհը, որ էր երբեմն Կիպրոսը կառնէր թուրքերէն, հայկական հարցը թաղելու համար...
Լոնտոն, 1965։ Ասատուր Կիւզէլեանը կ7առաջարկէ ինծի այցելութիւն մը տալ Միշա Գիւտեանին։ Կը ժամադրուինք։
Կոկիկ բնակարան մը։ Կիրթշարժուձեւեր: Ընդունելութեան պատշաճ արարողութիւն, որ ծնունդն է կը խորհիմ որոշ դասակարգի մը։ Գաս ակար դեր ու գոյութիւնը չեմ սիրեր, բայց եղածը գեղեցիկ է։
Կր խօսինք։ Մեր խօսակցութեան առաջին նիւթը Վահան Թոթովենցն է։ Հեղինակ մը, որ մանուկ օրերէս սիրած եմ։
Միշա Գիւտեանը անգլերէնի թարգմանած է Թոթովենցի «Կեանքը Հին Հռովմէական ճանապարհի Վրայ» գիրքը ու լոնտոնեան մամուլը բարձը գնահատած է թէ գրագէտը, թէՀ թարգմանիչը։
Գիւտեան, իր ըսածները հաստատող մամուլի կտրօններ կը դնէ սեղանին վրայ։ Մէկ քանին կը կարդամ։ Կը հրճուիմ։ Կը շնորհաւորեմ թարգմանիչը։
Անշուշտ բոլորս կը խօսինք թարգմանչական գործին կարեւորութեան մասին։ Աշխարհին մեծ գրողներ տուող Անգլիան պէտք է ճանչնար թիլով փոքր հայ ժողովուրդին գրականութիւնը։
Յանկարծ, Գիւտեանը կը բռնկի։ Ես հայռւթենէ պիտի հրաժարիմ, կ*ըսէ։ Ոչ ոք կարեւորութիւն կու տայ թարգմանութիւններուս, շատ ծրագիրներ ունիմ, որո^ւն հոգը։
Ւնչո^ւ շուտ կը պղտորի դէմքս չեմ գիտեր։ Երբ թարգմանիչ Միշա Գիւաեանը կարտաբերէր այս խօսքերը ես ամպոտած էի։ Նոյն միջոցին բժիշկին շնորհալի դաշնակահար կինը սուրճ կը բերէր բոլորիս։