Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/342

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՂՒՐՔԸ տարագրոլթեան մասին, կր Հաստատուի Ղ՝անատա, ապա կուգայ Նիւ Եորք։

Ապրող Հայ մեծագոյն դրամագէտն է:

կեանքիս մէջ, կքըսէ ինծի, ոչ մէկ անգամ ծախած եմ Հնագիտական արժէք ունեցող գիրք, դրամ՝, ասեղնագործ, ամանեգէն, գորգ եւ ինչ որ Հայ արուեստին կր պատկանի։ Միայն գնած եմ։

Աշխոյժմարգ, միշտ ցուցաՀանդէսներ կր կազմակերպէ Հայ արուես­տի ամենատարբեր ճիւղերուն մասին։ Այդ ցացաՀանդէսներուն միայն յայտագիր-գրքոյկներր տեսնելով կրնաք բերկրանքի պաՀեր ունենալ։

Առաջին Հանդիպումէս երկու տարի ետք, դարձեալ գտայ զինք Նիւ Եորքի Հայոց առաջնորդարանին մէջ։ կր խօսէր պատանեկութեանս ըն­կերներէն Աեսրոպ Գերմանիկեանին Հետ։ Այս տդան քաՀանայի զաւակ, ղէյթանցի, ուսումը ստացաւ Մելգոնեանի մէջ, անզուսպ գրասէր մըն էր ու կր գրէր ալ։ Յանկարծ կորսուեցաւ։ Աշխար Հր մեծ չէ եղեր, ես ղինք գտայ Նիւ Եորք, ուր այսօր քարտուղարն է տզզային առաջնորդարանին։ Երբ Աեսրոպ իր խ օսա կզութիւնը աւարտեց Փօլ Պետուքեանին Հետ, երեքով ողջագուրուեցանք:

Աեսրոպը յիշեց Հալէպի մեր անկրկնելի օրերը։ Այդ օրերը անկրկնելի էին մեր երիտասարդութեամր: Զիս ուրախացնողը ուրիշ բան էր նաեւ։ կ՝երմանիկեանը վերադարձ մը պիտի ընէր դէպի գրականութիւն:

հսկ գիտնական Պետուքեա^նը: Թորոս, ըսաւ, չես Հարցներ թէ ուրկէ կու գամ։ կու գամ Հայաստանէն։ կ՝ացի, Հայրենիքս տեսայ։ հ՝ացի ու գտայ, որ Հոն, մեր Հին արժէքներուն նկատմամբ կայ անսաՀման գուր­գուրանք։

Հազիւ մէկ քանի օրերէ ի վեր վերադարձած եմ։ Եկած վայրկեանիս սկսայ կտակս պատրաստեր Այսօր լայն շունչ մր առի։ Վերջացուցի օրինական բոլոր ձեւակերպութիւնները եւ ինչ որ ունիմ որպէս արժէք Հնագիտական առումով, ամբողջութեամբ կտակեցի Հայաստանին։

Ւնչ որ ունինք պէտք է տանք Հայաս տանին: ԱՀա օրը իրիկուն չեզած կեանքէն քաղած գասս։

Երանի չէ^ր, որ չատել սորվէին այս դասր... եւ, կանուխէն։