Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/343

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԼԵՒՈՆ ՝ԻԷՇԻՇԵԱՆ պաղեստինահայ լրագրող։ կապուած էր եգիպ­տական «Ահրամ» ել այլ թ երթերու։ Խանղավաո հայու նմոյչ մր: Իրեն ծանօթացած եմ Փարիզ, Ոիւզանդ Թօփալեանի «Արայէս» տպարանին մէջ:

Հասցէդ տուր, քեղի գրեմ ըսաւ: Ու գրեց։ Պերլինէն գրեց, ղրկեց նկարներ, ուր ցոյց կու տար Թալէաթի ահարեկման փողոցը Թէհլիրեանի ձեռքով, Թուրքիայէն գրեց ղրկելով Արարատի նկարը այդ կողմէն դիտուած, Նիւ Եորքէն գրեց։ Գրեց ու գրեց։ Անդուլ կապ մը։ Կը գրէր կարճ, բայց հաճելի։

Ուսանողութեանս տարիներուն քանթ ան գամ եկաւ Երեւան։ Երկու անգամ՝ ընտանեօք։ Այսինքն ինքըթ կինը, մանչուկը։

Տես, տղաս հայերէն կր խօսի, կըսէր։ կիսէր ու կուրախանար։ կոմիտԼին չյանձնած ցոյց տամ քեղի, կիսէր ու կր բանար մեծղի ալ պոմներ, ուր խնամքով շարած էր րագմաթիւ նկարներ Արամ Խաչատուրեանի ելոյթներէն։

Այդ ալպոմներուն մէջ դուք կը գտնէք Խաչատուրէ անի ամերիկեան այն բոլոր քաղաքներու բո/որ ելոյթնեբուն նկաբնեբբ եւ կտբոննեբ այն թեբթերէն, ուր գրուած է Խաչատուրեանի մասին։

Հրաշք ալպոմ։ Լեւոն ՝Իէշիշեանը մտածած, իրագործած է։

Ֆիլմարուեստի մարգ էէր։ Ոայց վաւերագրական ֆիլմ մը պատ­րաստած էը Աողոմոն Թէհլիրեանի մասին։ Ս^խ, կ իսէր, փողոցը փսխուած է, հոն ուր ինկած է շունը, Թալէաթը, փողոցը փսխուած է, բւսյց ես տեղը նկարեցի...

Այսպէս էր Լեւոնը, որ հիմա չկայ։ Իր մեկնումը պարապ մը գոյացուր։ Ալ նամակներ շեմ ստանար իրմէ։ կարձագանգէր իւրաքանչիւր ԳՒրքՒա> իւրաքանչիւր յօդուածիս։ կը գրէր, կարդացի այսինչ յօդուածդ, սիրեցի։ Լաւ է։ Շարունակէ:

Այսպէս էր Լեւոնր: Ինծի համար Լեւոնը կայ, կապրի մինչեւ որ օր մը ես ալ իր կողմերը երթամ։