Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/346

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

1984ին, «Աշխարհ» շաբաթաթերթի քսանհինգամեակը կը նշուէր: Միասին գացինք տօնակատարութեան: Պագրճեան, կլոր գումար մը նուիրեգ թերթին ու ինքն իսկ յայտարարեցԱյն հայը, որ դրամ կը շահի եւ հայ թերթին ու ազգին չի տար իր շահածէն, ինծի համար հայ չէ: Ու նստեցաւ տեղը: Ոոլորս ծափահարեցինք:

Ծափահարեցին նոյնիսկ այն մարզիկ, որոնք դրամ կր շահէին ու չէին տար:

Յաջորդ օրը իր տունը գացի: Ըսաւ, երթանք ձուկ ուտենք: Ոչ, ըսխ չեմ ուտեր: Ազգին բան մը տուր, երթանք: Ըսաւ, որո^ւ համար ես: Ըսի, Հալէպի եիլիկեան երկրորդական վարժարանին: Նեգ կացութեան մէջ են: Լաւ, ըսաւ, քեզի բան մր ըսա^ծ են: Ոչ, ըսի* ինծի բան մը չեն ըսած, բայց իմ գաղութիս տկար կէտերը լաւ գիտեմ:

Լաւ, ըսաւ, սպասէ քիչ մը: Գնաց ու բերաւ հինգ հազար տոլար: Գո^հ ես, ըսաւ: Սկսելու համար լաւ է, ըսի:

Այսպէս է Գէորգ Պագրճեանը:

Հալէպի ծերանոցին համար կը վճարէ, Ա. Աստուածածին եկեղեցիի կառուցումին համար կը վճարէ, Հայաստան, Նոր Այնթապի համար կը վճարէ, Ա ար դար ա պա տի թ անգարանին անստգիւտ նուէրներ կը ղրկէ...

Մայրը նախատեսած էր: Ւնք կ իրագործէ:

Օրհնեալ ըլլաս Գէորգ Պագրճեան:

ԱՆԳԸԱՆԻԱ ՓՕԼԱՏԵԱՆը մելգոնեանցի է: Իր մէջ գրագէտ մը տեսած էր Վա հէ-Վ ահեանր: Աւարտելէ ետք եիպրոսի մեր կրթարանը, ուր մօտիկ ընկերներ էինք, Անդրանիկը եկաւ Պէյրութ, աւարտեց Ամերիկեան համալսարանը ու մեկնեցաւ Ամերիկա:

Հոն, այդ նոր միջավայրին մէջ, տեսաւ, զգաց Անդրանիկը, որ հայը ցնցոտիներու մէջ է, պատռտած են անոր հագուստները, ուստի սկսաւ ծանր աշխատանքի մը կարկտելու աշխատանքին:

Անդրանիկը, որ կրնար գրագէտի մը ծիրանին հագնիլ, եղաւ կարկրտող։ Այս գրագէտին գործր դասաւորել, միւսին գործր, այն անգրագէտին հազար էջը կարդալ սրբագը ել, հոս բանախօսել, հոն երեկոյ մը կազմակերպել: Մէկուն թափուածգիրքերը հաւաքել, այս թերթր խմբագրել, այն թերթր խմբագրել, մէկ ալ տեսաւ, որ մագերուն սկսած է ձիւն իջնել։ Նախ կարծեց, թէ ձիւնը միայն Նիւ Եորքի վրայ կը տեղայ, երբ հայելիին դէմ անցաւ, տեսաւ թէ իր գլվսուն վրայ ալ իջած է ձիւնը:

Այո, Անդրանիկը լուսաւորեց ամերիկահայ մամուլր եւ գրակա–