Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/348

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իր քոյրը, Համւսզասպին կինը նոյնպէս ունի երեք գաւակ, կը գրեն, կը խօսին, կը կարդան Մեսրոպեանով:

Այսպիսի հայեր են։ Հրաշք է։ Ոչ։ Պարզապէս լաւ հայեր են Կարպիսը իր գաւակները գրեթէ ամէն տարի կը տանի Հայաստան ու կը ղրկէ ճամ­բար։ Թող, կիսէ, հայաստանգի իրենց հասակակիցներուն պէս ապրին, ուտեն, խմեն։ երկիրը իրենցը թող զգան։

Յօդուածներ կը գրէ։ Տարիներով աշխատակցած է «Նայիրի»ին։ Անդրանիկը իրմէ գիրք մը հրատարակեց, հայրենական յուշեր։ կը կարդաս ու կիսես.– Այս աղան առեւտրական է, բայց գրագէտ ծնածմէկն է։ Ըսելու ինքնուրոյն ոճ ունի։ Աչք ունի։ Տրամաբանութիւն ունի։ Լեզուն լաւ կը գործածէ։ Որ պէս վանեցի կը գրէ արեւելա հայեր էն։

Երբ Հայաստանէն Փարիզ կ՚երթայի, ուսանողութեանս օրերուն, ու առաջին հեռախօսով իրեն կը կապուէի, կը թողուր գործը ու կը ժամադրուէր հետս ըսելով.– թթուածինս եկաւ։

Ֆրանսական Լառուս բառարանին մէջ սխալ բա^ն մը գրուած է հայոց մասին, նամակ կը գրէ խմբագրութեան: էոնտոնի Սոյթպիզ ընկե­րութեան մօտ վաճառուող հայերէն ձեռագի^ր մը կայ, ինք հոն է գնեյու եւ Հայաստան ղրկելու համար։ Հայաստանէն որեւէ հաստատութիւն անհըրաժեշտութի^ւնը ունի գործիքի մը, ինք պատրաստ է։ «էրէբունի» հրատարա էշութիւնը հիմնուեցա^ւ, իր քսակը լայնօրէն բաց է... զորն ասեմ, ղորն խոստովանիմ:

Առեւտրական բայց մտաւորական հայ մը, որ ամէն րոպէ կքայրի իր ժողովուրդին ծառայելու համար։

Զոր միրգի առեւտուրով կը զբաղի, բայց այդ միրգերուն համրանքէն աւելի հայութեան մասին կր մտածէ։

Եկէք ինծի հետ եզրակացնենք այսպէս կարպիս Ջրրաշեանը կը շնչէ հայութեան համար։

Սփիւռքի մէջ այս հենքէն մարդոց պէտք ունինք։ Հայ մայրեր, այս­ պիսի զաւակներ մեծցուցէք:

կարպիսին մայրը, իտէալ հայ մայր մըն էր, վանեցի մայր մը, որ իր կարգին հայ ուսուցիչ բերած էր իր տունը, հայ դպրոցի վերածած իր տունը, որպէսզի աղջիկն ու տղան գրեն, կարդան ու խօսին հայերէն։

եարպիս, եր կար արեւ քեզ: հ՝իտեմ, արեւէդ առածդ ազգին պիտի տաս զայն բազմապատկելով: