Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/351

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

րազմի մօտենալ կը նշանակէ...

Հայերը մօտ են բանաստեղծութեան, ըսի, ու դարձայ դէպի կայարանի փողոցը։

Օդանաւի վայրէջքէն կէս ժամ ետք, թաքսին զիս կը տանէր ուղ­ղակի մայրաքաղաքի հայոց ակումբը։

Հին ծանօթներ ունէի։ Ողջագուրուեցանք։ Հարցումներ Հայաստանի մասին, Սուրիոյ մասին։ Ես կը հարցնեմ իրենց գործուն էութեան, «Երեւան» շաբաթաթերթի դժուարութիւննեիուն մասին։

Հայոց ակումբէն կր կապուիմ Պուլկար Երիտասարդական կազ­մակերպութեան կեդրոնին ու կիսեմթէ կ*ուգեմ ծանօթանալ երիտասարդ բանաստեղծներու, արձակագիրներու, թատերագիրներու։

Ժամադրութիւնը առնուած է։ Այդ կեդրոնին հեռաւորութիւնը հա­յոց «Երեւան» Մշակութային Միութեան Ակումբէն հազիւ հինգ հարիւր մեթր է։

կքորոշեմ քալել։ Ոայց ահա ակումբի մէկ սենեակին մէջ ալքերուս կը փայլին խոշոր տրցակ մը գիրքեր։ կը մօտենամ։ Զարենցի մէկ հատորեակն է տպուած ռուսերէնով։

Ձարենցը ի՞նչ գործ ունի այս անկեան մէջ։ Երբ էն ի վեր այստեղ թափուած են այս գիրքերը, երբ ամբողջ Պուլկարիան այնքան լաւ գիտէ ռուսերէն։ Ւնչո^ւ Ձարենցը չհասցնել բոլոին, բոլորին...

կիսեմ ու կը շալկեմ բոլոր գիրքերը ու քալելով կերթամ Պուլկար Երիտասարդական Պալատը ուր զիս կը սպասեն։

Գրողներ են, արուեստագէտներ։ Ոոլորն ալ երիտասարդ։ Մէկիկմէկիկ բոլորին ալ կը բաժնեմ Ձարենցը, հաց տալու նման, լսյս բաժնելու նման։

Չեղաւ, կիսէ ՆՒ՝ՕՈԼԱ ՒՆՃՈՎ խմբագիրն ու արձակագիրը, մենք Ձարենցը կը սիրենք, գիրք Հենք ունեցած, ահա դուն բերիր, ուստի պէտք է մակագրես։ Անուններով կր մակագրեմ բոլոր ներկաներուն համար։

ՇՈՕԳՒՆը բանաստեղծ է։ Այսօր տօն է, կիսէ, մեղի համար։ Զարենցէն մէկ երկու բանաստեղծութիւն կարդացած էի, ահա ունիմ ամբողջ գիրք մը։ Այսօր տօն է ինծի համար։

Այնքան խանդա վառ է Շոբգինը, որ կ*ուգէ ունենալ իմ ծոցատետրս անոր մէջ պուլկարերէն իր գրած մէկ րանաստեղծութենէն քառատող մը արձանագրելու համար։