նաբւսնն է Յառաջ» շաբաթաթերթին մէջ, նոյն օրերուն լոյսին եկած պատմուածքներու ժողովածուի մը մասին, որ կր պատկանէր Յակոբ Օշականի գրիչին։ Խօսքս «Խոնարհներ»ուն մասին է։
Ընկեր Թորանեան, այդ երբ է՞ն ի վեր հայ ձախակողմեան մը գովել սկսածէ Յակոբ Օլականը։ Այս էր Շահինեանին առաջին հարցումը, որուն այսպէս պատասխանեցի.– Ընկեր Շահինեան, մենք, ձախերս, վարժուած ենք սեւին՝ սեւ, սպիտակին՝ սպիտակ ըսել։ Օշականի «Խոնարհներ»ը գիրքին տակ ոեւէ գրող կրնայ հպարտութեամբ ստորագրել, ո՛ր ազգին կամ կողմին ալ պտականի։
էէ եր խօսքին վեր ջին մասը կը հաստատեմ, ըսաւ Շա հինեան, բայց թոյլ կու տա՞ք, որ փոքր փոփոխութիւն մը մտցնեմ առաջին մասին մէջ ու անմիջապէս, առանց հաւանութեանս սպասելու աւելցուց.– Ըսէք, ես, Թորանեանս վարժ եմ սեւին՝ սեւ եւ սպիտակին՝ սպիտակ ըսելու։
Շատ ժամանակ չանցաւ երբ մեր ճակատին կողմէ հրատարակուող ժողովածուի մը «Գիըք Գրականութեան եւ Արուեստի»ին մէջ հրատարակեցի քերթուած մը վերնա գրուած «Արզ, Գրուած Հրահանգով»։
Այս անգամ, Հահինեանը դարձեալ կեցուց զիս, ոչ թէ փողոցի մը մէջ. այլ «Վերածնունդ» միութեան ակումբին մէջ ու ըսաւ.– Թորոս, սիրելիս, կարդացի քերթուածդ։ Որպէս բանաստեղծութիւն, յաջողութիւն մր չէքեզի համար, բայց որպէս անկեղծութիւն, անստգիւտ է։ Ոիչ անգամ կը Հանդիպիմ նման անկեղծութեան:
Այսպէս սկսաւ մեր բարեկամութիւնը, բարեկամութիւն, որ կր տեւէ հակառակ մեր տարբեր կողմերու պատկանելու իրողութեան:
Որքան թշնամութիւններ, քէներ, ժահր իսկ կայ շատ անգամ հայ իրականութեան կողմերուն միջեւ: Հիացումով կարդացած եմ Սարոյեանի խօսքերը.– Թշնամիդ, ես թշնամի չունիմ։ Ենչպէ՞ս մէկը կրնայ ինծի թշնա մի րըալ, երբ ես ոչ ոքի թշնամի եմ։ Թշնամութիւնր երկկողմանի կԸԱայ։
Ու ահա մեր բարեկամութիւնը շարունակուեցալ ներկայութեամբ ու բացակայութեամբ։ Գրիպորր միշտ մնաց Պէյրութ։ էս շատ ճամբորդեցի։ Ուր ալ գտնուէի, կը փնտռէի իր անունը այդ ըԱայ յօդուածի մը տակ թէ մենա գրութեան մը կամ իր խմբագրած «Ահեկան» պարբերականին։ Մէկ քանի անգամ ալ յօդուած գրած եմ իր գործերուն մասին։ էր յիշեւմ, Թօփալեանի «Անգաստան»ի ու Ծառուկեանի «Նայիրի»ին մէջ։
Տարիներ ետք մենք դարձեալ հանդիպեցա նք Պէյըութի «Վերածրնունդ» ակումբին մէջ, այս անգամ մեծարանքի երեկոյի մը րնթացքին, զոր կազմակերպած էր «Գրական Շրջանակ»ր Արամ Հայկազին համար, գրողին ներկայութեան։
Վերահաստատուեցայ Հալէպ։ Ամէն Պէյրութ այցելութեանս կաշ խատիմ տեսնել Գրիգորր։