Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/360

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ոչ թէ որպէս տարագիր, այլ հռչակուած բեմադրիչ, որպէսզի ֆիլմ մը նկարահանէր։ Առաջին ձախող ճամբորդութենէն քառասունհինգ տարի ետք։

Աշոտ Մալաքեանը մեր մէկ հանդիպումին, ճաշարանի մը մէջ, ան­շուշտ Փարիղ, բարձրաձայն երդեր «Տէր Ողորմիա» Ներկայ ֆրանսա­ցիները ճանչցան զինք։ Աքանչելի երգեց:

Հապա ինչ կարծեցիր, ըսաւ, մինչեւ 27տարեկանս հալոց եկեղեցիին մէջ դպիր եղած եմ։ Բայց տէրտէրի պէս չեմ երդեր, կ՚աշխատիմ Կոմիտասի ձեւով երգել։

Աշոտ Մալաքեան վերջերս այցելեց հայրենիք։ Հող ու երկիր ունե­նալու հրճուանքը ապրեցաւ ու կապուեցաւ ֆիլմի հայ վարպետներուն։

Քեզ վերստին տեսնել կ*ուզեմ ֆիլմի հայ վարպետ, մանաւանդ որ վերջերս իրագործեցիր տարիներու երազ խոստումդ ու հրատարակեցիր ինքնակենսագրական բնոյթ ունեցող ֆրանսերէն այն գիրքը, ուր կը խօսիս հայութեանդ մասին, մօրդ մասին, հօրդ մասին, Հանրի Վերնէօյ անունը որդեգրելուդ պատճառներուն մասին, միշտ մնալով Աշոտ Մալաքեան, ու գիրքղ կոչեցիր «Մայրիկ» ու ֆրանսացին ալ գիտցաւ, որ մայրիկը հայերէն բառ է ու իրենց լեզուով կը հնչուի մաման։

ք^այց քու մայրդ հայ մայր մրն է րիւրիցս տառապած ու հայ մնացած մայր մր։

Դուք եւ Ազնաւուրը գերազանցեցիք դուք ձեզ, նման գիրքեր ներկայացնելով ֆրանսախօս հասարակութեան։

եր մնայ, որ մեր միւս մեծերն ալ ւիորձեն ձեր ըրածը։ Սիւրմէլեանը գրեց իր այրուող Տրապիզոնին մասին, Աեւտա Աեւանը Պուլկարիա, գրեց իր ծնողացը Ռոտոսթոյին մասին, որ քու ալ ծննդավայրդ է, Մայքըլ Արլէն կրտսերը գրեց իր կորսնցուցած ու վերագտած Արարատի մասին, Վահէ թաչան գրեց, չատել գրեցին, կերեւի անհրաժեշտ է, որ Ժանսեմը, Շարթը, Գառզուն եւ տակաւին ուրիշներ գրեն իրենց հայու ոդիսականները ֆրան­սերէն լեզուով, որ աշխարհ իմանայ, թէ հայը թուրքին մահուան եաթաղանէն ճողոպրելէ ետք կրնայ գրաւել արուեստի կատարները։

կարդալով «Մայրիկ»դ, մայրդ, իմ մայրս ալ եղաւ։

ՀԱՆՐԻ ԹՐՈՒԱՅԵԱ - ԹԱՐԱՍՈՎ - ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Ես խօսեցայ Դառզուին, Դա ողուն խօսեցաւ Աշոտ Մալաքեան - Վերնէօյին, Մալաքեանր խօսեցաւ Թրուայեային ու վերջապէս այս վերջինին հետ ժամադրութիւն մը առնուած էր տեսակցութեան մր համար։