Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/361

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հանրի Վերնէօյը եկաւ ինձի ըսելու թէ.- Թորոս, ճանս, Թրուայեային հետ ժամադրութիւն մը առած եմքեղի համար, բայց մէկ պայմանով - մարդուն պիտի չհարցնես թէ ինք հայ է։ Թրուայեան ըսաւ, իրաւունք ալ ունի, թէ ֆրանսացիի մը կր հարցնելն երբեւէ, թէ ինք ֆրանսացիդ է, կամ անգլիացիի մը կը հարցնելն իր անգլիացի ԸԱալը։ Հայ ծնած եմ ու վերջ, պէտք չկայ այդ հարցումին։

Գացի Սէն ժէրմէն Տր Թրէի բացուող քիչ մը ոչ լայն բայց բանուկ այն փողոցը, որ կը կրէ Նափոլէոնի անունը, ներս մտայ թիւ հինգ դար­պասէն ու տուի գանգը Թրուայեայի տան:

Տեսակ մը դող կար վրաս։ Մեծ գրողի մը հետ զրոյցի պիտի նստէի։ Ոլ այդ գրողը հայ էր։ Ու այդ գրսղը Ֆրանսայի մէջ ամէնէն չատ կար­դացուող հեղինակներէն մէկն էր։ Գրած էր ծաւալուն վէպեր «Լէզ էկլէ՜թիէր»ի նման, տասնեակներով վէպեր, գրական վերլուծական էջեր, մենագրութիւններ Տոսթոեւսկիի, Զեխովի, Թոլսթոյի նման համաշխարհային հռչակ վայելող մեծութիւններու մասին ու իր խօսքը կշիս- ունէր։

Ջմեռ էր։ Փետրուարեան ցուրտ մը իր ատածները ցոյց կու տար։ Թայց ես Մոսկուայի ցուրտը վայելած մարդ, հոգ չէի ըներ ցուրտի մասին, թէեւ երկայ վերարկու մը ունէի ուսիս գիշերի պէս մութ։

Դուռը ինք բացաւ։ Ներսի տաք օդը շոյեց դէմքս։ Հանեցի վերարկուս։ Ինք, ակադեմիկոսը, հակառակ չկամութեանս վերցուր այդ ձեռքէս ու կախիչի կեռէն կախեր: Աեռք սեղմում մը, ու ես գրողին երկարեցի «Գարուն» ամսագիրի աչխատակից րլլալս հաստատող քարթս, ուրկէ նկարս ինծի կը նայէր:

Թրուայեան նայեցաւ քարթին։ Այս երեսը կը հասկնամ, ըսաւ, ռու­սերէն է։ Միւս երեսի դիրերուն ծանօթ չեմ։ Առաջին երեսը հայերէն է, ըսի, կերեւի դիրերը չէք ճանչնար, բսւյց ո^ինչ, նիչեւօ, այդ երեսը հոգիով կը հասկնաք, չէ** որ գրողը միայն իր տեսածը չէ որ կը գրէ, կամ կը հասկնայ. կ*անցնի տեսանելիէն անգին, անգին գրուածէն։ Խնդացինք։

Հսկայ տուն մըն էր, մեծղի, ընդարձակ սենեակներով։ Կոկիկ էր։ Յայտնի էր, որ կնոջական հոգածու ձեոք մը զեփիւռի նման անցած, գգուած ԻՐեՐԸ> բարձերն ու աթոռները, նոյնիսկ գիրքերը ու նոյնիսկ Թրուայեային սա ժպիտը, որ այդ վայրկեանին ինծի կիսէր միշտ ռուսերէնով, հրամեցէք, պարոն, ո՞ւր կ՞ուզէք նստիլ, այս կողմը աւեյի յարմար չէ**։

Կքուղէի, ըսի մեծ գրողին, որ լուսամուտին դիմացր նստողը դուք ՐԱայիՔ> ոՐգէսգՒ եր դէմքը աւելի լաւ տեսնէի։ Ես ալ ընթերցող մրն եմ, ձեր գիրքերէն մաս մը կարդացած եմ, չէ*, որ մարդկային դէմքն ալ րաց գիրք մըն է, կ*ուզեմընթերցումս շարունակել...

Ուըախ եմ, ըսաւ Թրուայեան, լաւ սկիզբ մըն էր։

Ինչի մասին կքուզէիր, որ խօսէինք։