Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/369

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

դարւնայ համաշխւսրհային, երբ իր մէջ հզօր են ազգային տարրերը։

Հայաստանը կրկին ու կրկին տեսնելու փափաքը անդիմադրելի յաճախանքի մը վերածուած է հոգիէս ներս։

Ծննդավայրի հանդէպ ալ մեծ սէր մը կը տածէ Գառզու: Երբ եկաւ Հալէպ, շրջեցաւ շուկաներու մէջ տեսաւ իր ապրած տունը, հօրը լուսանկարչատունը, ուր հետագային մայրը առանձին աշխատեցաւ, անցաւ Պապ էլ Ֆարաճէն, մտաւ հայոց հնամենի Ս. է^առասնից Աանկանց եկեղեցին, չկրցաւ զսպել իր արցունքները։

Ծննդավայրն ալ իր մէջ սրբութիւն մը ունի։ Հոն է մեր մանկութիւնը, այսինքն անսահման անմեղութիւնը։

է/ատ կաշխատի Գառզու ու միշտ ալ կը դժգոհի ինքն իր մէ։ Գիտէիք ինչու։ Որովհետեւ գոհ ունակութեան զգացումը մարգս կրնայ առաջնորդել հանգիստի զւլացսղութեան։ Հանգիստին կրնայ հետեւիլ լճացումը եւ այս վերջինին յառաջընթացի կասեցումը։

Գառզուն շարունակ կը նկարէ։ էոմիտասը նկարած էր, ճայ հան­ճարեղ երաժշտագէտին ծննդեան հարիւրամեակին առիթով։ Արարատը նկարած էր... Գա ողուն ինչ ալ նկարէ, Հայաստան նկարած կիըայ, կիսէ Նանը ու կքաւելցնէ.– երբ Հայաստան գացինք, տեսանք ճարտարապե­ տական այնպիսի կառոյցներ, զորս երբեւէչէինք տեսած։ Այդ կառոյցները կան, գոյութիւն ունին Գառզուի գործերուն մէջ։ Զէ տեսած, րայց նկարած է, զգացած է, չէ^ք զարմանար։ Սկսած եմ հաւատալ, որ մարդոց արիւնը կը խօսի, կը յուշէ ենթակային իր պատկանելիութիւնը։

Գառզուն հայ է։ Ան Ֆրանսայի շատ բան կը պարտի, րայց ամէնէն առաջ պարտական է իր հայոլ արմատներուն...

Տզաս հայութենէ հեռու էր, կիսէ Գառզուն, րայց երբ խորամուխ եղաւ մեր պատմութեան ու յատկապէս երբ ուսումնասիրեց մեծ եղեռնի պատճառները ու գիրք գրեց այս մասին, դարձաւ կատազի հայ։

Ակադեմիկոս դարձաւ Գառզուն, Ֆրանսական Գեղարուեստիդ Ակա­դեմիայի անդամ, ու այդ առիթով արտասանած իր ճառին մէջ յստակօրէն ըսաւ, թէ ինք կը պատկանի քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպա­նութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդին։

Ոմանք մեծնալով կը մոռնան իրենց արմատները։ Գառզուն, ընդհակառակը, մեծնալէ ետք աւելի եւս կապոլեցաւ իր արմատներուն։

Գառզուն կը տխրի Սփիւռքի հայութեան համար։ Գառզու կը տխրի վաղուան աշխարհին համար, որովհետեւ անորոշութիւնը, որպէս թանձ­րախիտ մշուշ պատած է աշխարհը։ Խաղադ աշխարհ մը կերազէ մեծ նկարիչը։ Ահա իր գործերը, ամէն տեղ գիծեր, զիրար հատանող գիծեր, հրանօթներ, զէնքեր, զինակառքեր, կայարաններ, ուր տիրողը երկաթն է, թափուր նաւահանգիստներ, ուր ճամբորդներ չկան, ամայի ծովափ ու նաւակներ առանց ճամբորդներու...