Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/371

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կան Գրականութեան հետեւող ուսանողութեան, ուր խօսեցաւ արաբական դրամագիտութեան շուր ու երրորդը՝ արաբ կաթոլիկներու ակումբին մէջ՝ հայ արուեստի մասին։

Իր խօսքը հասաւ հազար հինգ հարիւր ունկնդիրներու: Ամէն կողմ յարգանքի զգացում ներշնչեց էենկ, իր գիտելիքներու պաշարով։

Կքրսէր թէ, սկսած է պատրաստել գիրք մը Սփիւռքի հայութեան մասին: Ու իսկապէս վերադարձին, ամբողջացուր այդ գիրքը ել 1981 թուականին հրատարկութեան յանձնեց։

Կը սիրէր վիճիլ, րայց կը ջանար պարտադրել իր կարծիքը։ Հալէպ հասած առաջին օրն իսկ, «Պարոն» պանդոկի թերրասին վրայ կը վիճէր հետս այն մասին, որ մենք անթիլիասական եկեղեցիներ Հենք յաճախեր։

Ըսի իրեն, թէ այս մասին վիճիլ չէի ուզեր։ Ինչո^ւ, բորբոքած հարց տուաւ պատմաբանը, որովհետեւ ըսի, արդէն ժամադրուած ենք Հալէպի Առաջնորդ՝ Սուրէն Գաթարոյեան Սրբազանին հետ, որպէսզի ձեզ ընդունի, ցոյց տայ մեր դարամոր Ս. Թառասնից Մանկանը եկեղեցին եւ միասին նստինք զրոյցի։

Զարմացաւ։ Որոշեալ ժամուն գացինք։ Դիտեց եկեղեցիին թանկագին նկարները, հիացաւ «Վերջին Դատաստան»ին վրայ, երեքով, Սրբազանին հետ նկարուեցանք։ Այս մասին յօդուած մը ստորագրեցի Առաջնորդարանի պաշտօնաթերթին մէջ։

Այս րոլորը տեսնելէ ետք, Տէյվիտ Մարշրլ Լենկ ներողութիւն խնդրեց առաջին օրուան իր ըսածներուն համար։

Վիճելու շատ առիթներ ունեցանք։ երբ քիՀ մը ճնշէինք, անմիջապէս կիսէր.– Մի ջղայնացնէք զիս, արեան գերճնշում ունիմ...

Խումբ մը բարեկամներով գացինք Եփրատի ափը՝ Մեսքէնէ։ Ինք լաւ գիտէր, թէ այս տեղ հազարաւոր հայեր իրենց մահը գտած են տարագրութեան սեւ օրերուն։ Պատմեցինք իրեն, թէ տեղւոյն արարները, Եփրատէն ձուկ չեն որսացած մէկ քանի տարի, որովհետեւ այդ շրջանին, ամէն օր հայու դիակներ կանցնէին Եփրատն ի վար, որպէս վկաները թուրքին գործած աւերին։

Զէր մոռցած։ Լոնտոն վերադարձին, հեռատեսիլէն ելոյթ ունենալով պատմած էր այդ րոլորը եւ թուրք լրագրողներու բարկութիւնը գրգռած։ Թուրքերը նոյնիսկ նամակ ստորագրած էին Տէյվիտ Մարշրլ Լենկի աշխատած վայրը ու պահանջած, որ զայն արձակեն գործէ...

Շատ հարցերու կապակցութեամբ, տասն օրերու ընթացքին, մեր մօտ առաջացաւ տեսակէտներու նոյնութիւն։ Ինքն ալ համաձայն գտնուե­ցաւ, որ մարդոց հետ երես առ եր ես գտնուիլը, խօսիլը, տեղւոյն վրայ հարցերը քննելը պատմաբանը կը զինեն զէնքով մը, որ ճշմարտութիւնը կը զօրացնէր։ Գիրքերր կը գրուին նուագ կողմնակալութեամբ, երբ