Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/372

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տեղեկութիւնները կը քաղուին այլազան աղբիւրներէ, մանաւանդ կենդանի աղբի/րներէ։

էոնտոն մեկնելէ առաէ հանգիստ զրոյց մը ունեցայ Տէյվիտ Մարշըլ Լենկին հետ։

Թորոս, ըսաւ պատմաբանը, է^աոասնից Մանկանը եկեղեցւոյ «Վերջին Դատաստանը» նկարը պիտի չմոռնամ։ Ալքերուս առջեւն է այդ տպա­ւորիչ գործր։ Ինծի այնպէս կը թուի, որ կրակներու մէջ, հոն, տեսայ դէմքերը հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրել տուող ճիւաղներուն Թալէաթի ու էնվէրի։ Ինծի այնպէս թուեցաւ, որ այդ ֆաշիստներր, այդ մարդասպանները, դժոխքի խորխորատին մէջ ուրախութիւն մը կապրին ամէն ան գամ, որ այստեղ, երկրի վրայ, ճայը հայուն դէմ սուր կը ճօճէ:

կը խնդրեմքեզմէ, որ ըսես Դաթարոյեան Սրբազանին այս ըսածս, կը խնդրեմ քեզմէ, որ դասախօսութիւններուդ որպէս նիւթ ունենաս այս դասը ու խօսելով չբաւականանաս, նաեւ գրես այս մասին, որ ամէն անգամ երբ հայը կը հալածէ իր եղբայրը, հոն, դժոխքի կրակներուն մէջ կուրախացնէ ֆաշիստ էնվէրն ու Թալէաթր...

Պատուէրդ կատարեցի սկովտիացի պատմաբան: եր մնայ, որ դուն եւս շարունակես գրել հայոց մասին, այնպէս ինչպէս որ են հայերը, այսինքն մեր ժողովուրդը, ոչ աւելի, ոչ պակաս:

Ու թող սկովտիացիի գրիչով արդարութիւնը խօսի։

Դժուա^ր բան խնդրեցի:

ԲՐԻՍԹՈՖԸՐ ՈԻՈՔԸՐ Լենկի վարձով հարստացած, նոյնպէս դիմում մը կատարեցի այս անգլիացի պատմաբանին։ Ինծի օգնողը դարձեալ Գրիգոր Մազլումեանն էը։ Անջրդեցի ծնողներու զաւակ այս հայը պատրաստ էը ընել իր կարելին, այն բոլորր, որ օգտակար կրնար ըԱալ հայուն։

Եկաւ Ուոքըր։ Երբ պատմաբան կիսէին, տարիքոտ մարդ մը կը ցնէի։ Բայց պատկերա ա հա, այս անգւիազին տակաւին քառասուն չկար ու հայոց մասին գրած էր լուրջ ուսումնասիրութիւն մը ու իր գիրքր անուա­նած՝ «Հայաստան - Վերապրող Ժողովուրդ Մր»։

Իսկապէս մահր տեսած, վերապրող ժողովուրդ։

Ուոքրրին հետ գացինք Լաթաքիա, յանձնուելու Միջերկրականի աւիքներուն, բարձրացանք ՝Եեսապ, դիտեցինք բլրաշարքԵրր, դիտեցինք հեոուն, մշուշներու մէջ ննջող Մուսա Լեոր, ուր ափ մր հայեր, մղած են իրենց լինել չշինելու կռիւը...