Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/373

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ուոքըրը հրաւիրուած էր տարբեր հայ գաղութներու կողմէ, ու պէտք է ըսեր որ իր գիրքը իրաւ պատմաբանի մը կնիքը ունէր եւ կքարժէր, որ մեր գաղութները յարգէին զինք։ Այդպէս ալ եղաւ։ Իմ հրաւէրովս, հալէպահայ գաղութն ալ աոիթը ունեցաւ յարգելու այս երիտասարդ պատմա­բանը, որ մինչեւ այս օր ալ երբ առիթը ներկայանայ պաշտպանելու հայդատը, անմիջապէս կը վերցնէ իր գէնքր։ գրիչը, ու կը գրէ վասն պաշտ­պանութեան հայ դատին։

Իր Հալէպ գտնուած օրերուն ելոյթ ունեցաւ Հայ Երիտասարդաց ակումբին մէջ։ Սր ա հն ու կողմնակի սենեակները լեցուած էին հետաքրքրասէր բագմութեամբ։ հ/ատեր, ստիպուեցան ոտքի վրայ հետեւիլ դասախօսի ելոյթին, մէկ –երկու հարիւր հոգի, տեղի չգոյութեան պատճառով վերադարձան տուն։

՝Իրիսթոֆրր Ուոքըր կը խօսէր, ես կը թարգմանէի։ Ան կ քրսէր.– Ես անգլիացի եմ։ Անգլիան լաւ գիտեմ։ Անգլիան որեւէ շահ չունի հայոց պաշտպանութիւնը որդեգրելու տեսակէտէն։ Ուրեմն, դուք, հայերդ, պիտի իմանաք, որ մէկ պաշտպան ունիք, ուրիշը չկայ, այդ ալ ռուս ժողովուրդն է։ Ներկաները ծափահարեցին։ Իսկ ես, ներողութիւն խնդրելով դասախօսէն, ըսի ներկաներուն.– Եթէ այս խօսքերը արտայայտողը ես րըայի, կրնայիք չրնդունիլ կամ կողմնակալութիւն վերադրել ինծի։ Խօսողը անգլիացի մրն է։ Մենք սովոր ենք հաւատալ օտարին, անհրաժեշտ է, որ հաւատանք նաեւ մենք մեղի։ Հիմա լսեցէք անգլիացի պատմաբանին ըսածը։

Խօսքս վերջացնելէ ետք, դարձայ Ուոքըրին ու ան գլեր էն ով կրկնեցի հայերէնով խօսածս։

Լայն ժպիտ մր ունեցաւ ՝Իրիսթոֆրր Ուոքըր, համաձայն եղաւ ըսած­ ներուս, դարձեալ նոյնը կրկնեց աւելցնելով.- քաղաքական կեանքի մէջ կրօններ չկան, եղբայրութիւն չկայ, բարեկամութիւն չկայ, կան միայն տնտեսական շահեր, ահա թէ ինչ բան կ*առաջնորդէ Անգլիան, ինչ բան կ*առաջնորդէ մեծ ու փոքր պետութիւնները։

2եղի կր մնայ օգտուիլ պատմութեան դասերէն։ Չկրկնել անցեալի սխալները:

Օր մը, ես, կինս Արմինէն ու ՝Բրի սթոֆրր Ուոքըր ճաշարան կքերթայինք։ Մեքենան կը վարէր Արմինէն, Ուոքըր նստած էր Արմինէի կողքին, ես ետեւն էի։

էր խօսակցէինք։ Յանկարծ, չեմ գիտեր ինչու, Ուոքըր, քիչ մը խիստ թոնով ըսաւ,– Հայր ժամադրութիւն յարգել չի գիտեր։ ճիշդ ես, ըսի, ուքէի Հ։ ՀայԸ շատախօս է, շարունակէդ ան։ Այդ ալ ճիշդ է, ըսի յետո՜°յ։ Հայը միամիտ է, դիւրահաւան, անհեռատես է, անքաղաքավար, մեծա­միտ...

Քրիստոֆրր Ուոքըր, խանդավաոուած, աւելի ճիշղր մոլեգնած, ա–