Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/39

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կութիւն։ Համօ Սահեանին մասին խօսուեցաւ։ Վերլուծումներ եղան: Լաւ, սրտբաց երեկոյ էր։

Մեկնելէ աոաջ, Պօղոսին ըսի Շահնուրը կը բարեւէ քեզ։ Իր մօտ գարած էի վերջերս։

Խածան մարգ է Սնապեան, շատ նման Շաւարշ Նարդունիին, րայց խածան, երբ կը գրէ։ Իսկ երբ կը խօսի, տարբեր մարգ է, հոս եւս Նարդունիին նման։

Ատենին, «Անդաստան»ի մէջ յօդուած մը գրած էի Սնապեանի մա­սին, ակնարկելով «Գուրգէն Մահարի» անուանեալ իր գիրքին։ Հոս ըսած էի թէ Գրիգոր Շահինեանն ալ չօչափած է նոյն նիւթը աոանց մաղձի։ Հայա հաւաքման այս օրերուն՝ կքեզրակացնէի յօդուածովս, կարելի չէ** աւելի մեղմըԱալ եւ չեշտել մեղ իրարու մօտեցնող կէտերը։

Սնապեան վրդոված Հարց կու տար.– Յանուն ազգահաւաքի, լռե՞նք սխալներու առջեւ։

երկրորդ յօդուածով մը նոյն «Բագին »ին մէջ, Սնապեան կքանդրադառնար իմ մէկ հրատարակած գիրքին «Հայաստանցի Ութ Երիտասարդ Արձակակագիրներ»ուն։

Ընդգրկուած ութ անուններէն բոլորին համաձայն չէր։ Առաջարկած էր նոր անուններ։

Բաբի։ Տարիներ ետք ինքն ալ խմբագրեց նման ժողովածու մը հա­յաստանցի գրողներէ, աոանց յիշելու, որ այդ գործը ունէր իր նախորդը։

Հայաստանի մէջ Հայկ Խաչատուրեանը կազմեց ժողովածու մը «Տեղեկատու» խորադիրով։ Հոն իմ կազմած գիրքիս ութ անուններու կենսագրականներուն մէջ կը յիշուի առանձին առանձին, որ տուեալ հեղինակէն տպուածէ պատմուածը մը Պէյրութի մէջ։ Գիրքը էոյս տեսած է Սեւան տպարանէն։ Չէ յիշուած կազմողին եւ հրատարակողին անունը...

Գացի Երեւան: Գտայ հայկ Խաչատուրեանը; Ըսի իրեն.– Ի՞նչ է քու եւ Սնապեանին տարբերութիւնը այս հարցին մէջ։ Երկուքդ ալ չէք յիչեր «Հայաստանցի Ութ Երիտասարդ Արձակագիրներ» ժողովածուն խմբագ­ րողն ու հրատարակողը։

Պօ ղոսին հետ պէտք է նստիլ ու խօսիլ։ Խօսիլը հրաշքներ չի ծնիր։ Բայց խօսիլը անպայման կը ծնի համաձայնութիւններ։

Սփիւռքի մեր իրականութեան մէջ մենք մարզիկը յաճախ կը ճանչնանք ուրիշներուն ըսածներովը։ Անձնապէս պէտք է ճանչնանք. միայն այդ ձեւով կարելի է աւեշփ ճիշդ եզրակացութիւններու յանգիլ։

Հալէպ, 1985