Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/42

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

չէ: ինչպէս զուիցեւրահայ, ծագումով վանեցի, լրագրող Արման Կասպար կիսէր օր մր ինծի.– Արտագաղթել ուզող ամէն հայ, կր կարծէ թէ իր մէջ կայ քնացած Կիւլպէնկեան մր, ու այդ Կիւլպէնկեանր պիտի արթննայ ու գործէ, անմիջապէս որ հայրենիքէն դուրս եըէ։

Հապա", լուր չունէինք, սփիւռքի բոլոր հայերը պարոն հինգ տոկոսներն են - Միսթրր ֆայվ փրրսէնթ։

Ինչո՞ւ տխուր է Յակոբ Մարթայեանր։

Ըսի հայ էր։ Ահա պատճառը։ ք^այց մանրամասնենք իր խօսածները խտացնելով։

Յակոբ Մարթայեանքաջատեղեակ թրքագէտ է։ Արդեօք յանցաւո՜*ր է այդպէս րըալուն համար; Զեմ կարծեր, որ գտնուի մէկը, որ դատա­ պարտէ Յակոբ Մարթայեանր իր թ՜րքագիտութեան համար։

Յակոբ Մարթայեանր, Մուսթաֆա Յեմալին կողմէ կոչուած է Տիլաչար։ Թրքերէն լեզուն լաւ գիտնալուն համար։ Այս ալ մեղք մը չէ։ Մեղքը այն էր, այդ նոյն Մուսթաֆա Յեմալին, որ իր նախորդներուն ձգած պակասը լրումին հասցուց ջարդել ու այրել տալով տասնեակ հազարաւոր հայեր։

Յակ որ Տիլաչար կը նուիրուի թուրք մշակոյթին յօդուածներով, դա­ սախօսութիւներով, համայնագիտարան խմբագրելով։

Սարդ մը հայեր կի սեն.– Մարթայեանը մեր դարաւոր թշնամիին կը ծառայէ։

Հոս է Մարթայեանին տխրութեան ակունքը։

Իսկ ես կիսեմ, Մարթայեանը լուսաւորած է թուրքը, երէկի մեր իշխողը, ջարդողը ու այսօրուան դրացին, որուն հետ սեղանի մը շուրջ նստելով պիտի ունենաք լուծելիք հարցեր, եթէ ինք ընդունի իր ցեղասպան ԸԱալը։

Մարթայեանը միայն թուրք մշակոյթին չէ ծառայած։ Ծառայած է նաեւ հայ մշակոյթին։ Գրած է «Հայ Մշակոյթի Պատմութիւնը» հինգ հազար էջ տարողութեամբ։

ԻնչոՀւ դաւաճան անուանել զինք։ Լեզուագար են այդպէս ըսողները։

Երկու ժամէն աւելի կը տեւէ մեր զրոյցը: Եր սփոփուի Մարթայեան իմխօսքերէս։ Եօթանասունը անց է ու երիտասարդէ մը, տակաւին ան­ վաստակ մէկու մը խօսքերէն սփոփանք կը ներծծէ։

եր խօսի իր թոռնիկին մասին, որ շատ աշխոյժ է։ Թոռնիկն է պահանջողըՄեծ հայրիկ, կ*ուզեմ ունենալ ցանկը հայ մարեշալներու եւ մեներալներու, անպայման կ^ուզեմ։ Տեսնենք քանի՜* ժեներալ ու մարեշալ ունինք։

Այս քեռին կքօգնէ քեղի, կիսէ մեծ հայրիկր։ Նամակով մր կ ու տաս ցանկը հայ մեծ զինուորականներուն, կը խնդրէ Մարթայեան։