Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/43

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ես այդ նամակը չգրեցի, բայց վստահ եմ թոռ մարթայեան ինը գտաւ ու կազմեց ցանկը հայ բարձրաստիճան զինուորականներուն, որովհետեւ զինք դաստիարակողը իր մեծ հայրն ու մեծ մայրն էր Տէր եւ Տիկին Մարթայեաններն էին:

Մարթայեանը սպիտակ գիծմր թողուր իր ետին, ինչպէս շոգենաւը ծովուն վրայ։ Մեկ տարբերութեամբ սակայն, շոգենաւին փրփուրէ սպիտակ հետքը կը կորչի րոպէներ ետք, այնինչ Մարթայեանի մշակոյթի հետքը անջնջելի է:

Մարթայեանները երեւոյթ են, հայ անունը, թուրքին մէջ իսկ բարձրացնող երեւոյթ:

Հալէպ, 1985

Ո^վ կր ճանչնայ զինք, երբ տանք իր իսկական անուն ազգանունը.- Յարութիւն որդի Սուրէնի Ադամեան: Հաւանաբար ոչ իսկ հայերը կը ճանչնան զայն այս անունով:

Ըայց Երբ Արթիւր Ադամով ըսէք, ամբողջ Ֆրանսան կր ճանչնայ զինք, որովհետեւ երեսնական թուականներէն սկսեալ, բանաս տեզծութիւններով մտաւ ֆրանսական գրականութեան մէջ, ապա դառնալու համար Ֆրանսայի Գրողներու Ընկերակցութեան երեւելի անդամներէն մէկը, որպէս թատերագիր:

Ւրլանտացի Պէքէթի եւ բոլոնացի Եոնեսքոյի հետ Աբսիւրտի թատրոնը գլխաւորողներէն է; Ջինք կր ճանչնան այդ երկրի զաւակներն ալ: քառասնական թուականներուն ֆաշիզմի դէմ պայքարի ելլող մտաւորականներէն է եւ թատրոնի մէջ րնդունած է դեր ման Պրեխթի ուղղութիւնը; եր ձերբակալուի; ե*ապրի կեդրոնացման ճամբարի դժնդակ կեանքը։ ե*ազատուի։

Նուիրուածթատերագիր է: Լայն ընդգրկումներու աէր մտաւորական այս կովկասահայը, որ նաւթարդիւնաբերողի զաւակ էր, բայց որ անցաւ կեանքի բոլոր աստիճաններէն միշտ ձգտելով գեղեցկացնել կեանքը:

Նոյնիսկ իմ ապրած երկրիս 1 Սուրիոյ թատերական շրջանակներուն մէջ ծանօթ անուն է Արթիւր Ադամով, յատկապէս 1982էն ի վեր, երբ Ֆարուք Ապտէլ ՝Ըատէրր Ադամովի «Ըինկ Ըոնկի քՍաղր» թատրերգու­ թիւնը թարգմանեց արաբերէնի, ընդարձակ, աւելի քան 35 էջ յառա­ջաբանով մը, ուր կը խօսի հայ թատերագիրին մասին ու կ*ըսէ.– Ծա­գումով ռուս, լեզուով ու ընդգրկած քաղաքացիութեամր ֆրանսացի Է Արթիւր Ադամով։