Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/47

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այսպէս վերնագրեցի այս էջը, որովհետեւ այնքան նշանաւոր Հասրաթեաններ ունեցած ենք։ Մէկը ճարտարապետ, մէկը քաղաքապետ, մէկը Աայաթ նովագէտ:

Այս մէկը Եզրաս Հասրաթեանն է, գիտնականը, որ մարդկային ջղային դրութիւնը լաւագոյնս ուսումնասիրած էր; Մարգը լաւագոյնս ուսումնասիրածէր ու ատով հասածարուեստը սիրելու եզրակացութեան:

Երեւանի բժշկական ինստիտուտի ա սա ջին շրջանաւարտներէն էր ու կապրէր Մոսկուա: Սովետական Միութեան Գիտութիւններու Ակա­ դեմիայի թղթակից անդամ:

Փարիզ կը գտնուէի 1968ի Փետրուարին: Ջմեռնային կարճ արձա­կուրդի առիթով: Նկարիչ Խաչատուր - Ռիշար – ժերանեանը խնդրեց ինձմէ, որ իր գործերէն մէկը յանձնեմ գիտնական Հասրաթեանին: Տւսր, մեր գիտնական/1 շատ կը սիրէ արուեստը: երբ իր բնակարանր տեսնես, պիտի կարծես թէ մշտական ցուցահանդէս մը կքայցելես:

Փարիղ-Մոսկուա շոգեկառքը,- միշտ ալ ճամբորդած եմ այս մի­ ջոցով – զիս ու Արմինէն ապահով հասցուց Խորհրդային Միութեան մայրաքաղաքը:

Մեծ աճապարանքով հասանք պանդոկ; Քիչ էր ըսեր թէ Փետրուարի մոսկովեան ցուրտը խածան էր, գիտէք, հիթլերեան գերմանացիներուն համար ու նախապէս Նափոլէոնի զինուորներուն համար սպաննիչ էր նաեւ - մենք յարձակումի չէինք եկած, եկած էինք մեր մայրաքաղաքը, որքան ռուսին նոյնքան հայուն մայրաքաղաքը, հայ գիտնականի մը բերելով փարիզեան արուեստի գործ:

Հաճեիի ջերմութիւնը սենեակին, անմիջապէս մոռցնել տուաւ մեղի մեր 48 ժամուան ճամբորդութեան յոգնութիւնը; Անմիջապէս վերցուցինք հեռախօսներու գիրքը եւ փնտռեցինք Եզրաս Հասրաթեանի դանգի համարը:

Խօսեցանք։ կարծէք երգիչի մը ձայնը կը լսէինք միւս ծայրէն:

Ո^վ էք, Փարիզէ՞ն կու գաք, ուրախ եմ, անակնկալ մը ունի^ք, շատ լաւ, ո^ր պանդոկը իջեւանած էք, ա՜, շատ հեռու է...

Ընկեր Հասրաթեւան, որքան ալ հեռու ըԱայ մեր իջեւանատունը ձեր բնակարանէն, Մոսկուայի մէջ ենք, ապահով ենք ու թաքսի մը կրնայ շուտով մօտեցնել այդ հեռաւորութիւնը, նոյնիսկ ջնջեր

կը սպասեմ, կը պատասխանէ հեռախօսալարին միւս ծայրէն գիտնականը։ Ըայց ինչպէ^ս ճան շնամ ձեզ; Ես երկարահասակ եմ, գլուխս դրած կքըԱամ մեծ փափախ։