Jump to content

Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/48

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իսկ ես գլխաբաց եմ, կու գամ կնոջս հետ, միջահասակ եմ։ Երկուքս ալ հայ ենք, շուտով կը ճանչնաք, կիսեմ այս կողմէն։

Օ՜, այնքան հայ կայ Ս՛ոսկա այի մէջ, ո՞րը ճանաչես։ Իսկ դյվսարաց, խնդրում եմ ծածկէք ձեր գլուխը, Ս՛ոս կոլայի ցուրտը շի ների։

Գացինք։ Հասցէն մեր ձեոքին էր։ Մոսկուայի ցուրտէն չվախցանք։ Մայթին վրայ տեսանք բարձրահասակ, խոշոր փափախով մարգ մը ու մօտենալով իրեն անվարժ ռուսերէնով մը ըսինք.– Ընկեր, այս շէնքին մէջ կապրի գիտնական մը, էզրաս Հասրաթեանը, չէ՞ք ըսեր թէ ճիլդ եկած ենք արդեօք։

Ես եմ Հասրաթեանը, տնաշէններ, էսպէս գլխաբաց էք եկել, հասկացանք հայ էք, էս ցուրտը ոչ ոքի շի ճանաչում, ըսելն ու իր գլխուն փափախը գլխուս անցընելը նէկ եդաւ։

(Բարձրացանք տուն։

Ահա մեր անակնկալը, ըսի դի տնականին, ցոյց տալով Ժեր անեանին ղրկած պաստառը։ Եզրաս Հասրաթեանը ուրախացաւ: Արդէն իսկ պա­տեր էն մեղի կը նայէին տասնեակէ աւելի արուեստի գործեր։

Ծանօթացանք կնոջը, աներմօրր եւ գաւակներուն։

Սեղան պատրաստուեցաւ մշ տաներ կայ հայկական քոնեաքով: Ու ջերմ զրոյց մը ծայր առաւ կիսելու համար գիշերը, Մոսկուայի սպիտակ ղիշերը։

Այս պայծառութ՛եան մէջ միակ ստուերը տիկէն Հասրաթեանէն խօսքն էր։ Շարունակ ռուսերէն կը խօսէր։ Ու յանկարծ, մեղի դառնալով յարեր միշտ ռուսերէնով– Ինչո՜°ւ ռուսերէն չէք գիտեր, կրթուած մարդը ռուսերէն պէտք է իմանայ։

Տարօրինակ էր։ Ընդվզեցայ։ Տիկին, ըսի, նախ կրթուած մարդը իր հիւրերուն անկիրթ թըսեր։ Ինչ ընենք, երբ այստեղ ծնած ու մեծցած չենք, բայց ռուսերէնի փոխարէն գիտենք անգլերէն, ֆրանսերէն ու այլ լեգուներ։ Անզուսպ կը խօսէի։ Հայ կին մը, Հասրաթեանին կինը, աւելցուցի, մի թէ՜օ ամօթ կը սեպէ մայրենի լեզուով խօսիլը։

Գիտնականր ինքն ալ նեղուեցաւ։ ենոջը մայրը։ նոյնպէս։ ՄիՀ նեղուիր, աղաս, ըսաւ գիտնականին աներմայրը, մենք հայախօս ենք, ղարաբաղցի ենք, սխալ մի հասկնար աղջիկս, ինքն ալ հայերէն գիտէ։

Սեղանին շուրջ երեկոն շարունակուեցաւ։ Մեր ուրախութիւնը հաշմուած էր։ Եզրաս Հասրաթեան ամէն կերպ աշխատեցաւ, որ մթնոլոտր փոխուի։ Վերջաւորութեան իր մէկ լուսանկարն ալ մակագրեց ինծի համար։

Փոթորիկ տեսած, Արեւմտեան Հայաստանի այրուիլը տեսած, ջարդ տեսած մարգ էր Եզրաս Հասրաթեանը։ էնոջը յարուցած փոթորիկը իր վրայ շատ չէր ազդեր։ Մենք ալ խնդալու սկսանք։ Դիտեցինք բնակա–