Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/53

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծւ ուր դուն պիտի
Զերօ զեկոյցդ
կարդաս անվարան։
ճիշդ է, որ մենք
Զերոյէն կու գանք
կ՚երթանք զերոյին
Երգելով սակայն...

ու ղրկեցի բանաստեղծին, իր գրածը գրպանիս մէջ զետեղելով։ Զարեհը բողոքեց, ուրիշը չունիմ, տուր ըսաւ։ Պատասխանեցի, չէ^ որ գրածդ զերօ մըն է, ինչ է, գրպանդ զերոներով պիտի լեցնելս։ Վերադարձուցի։ Ինքն ալ իմ գրածս վերադարձուց կարդալէ եւ երկու տող աւելցնելէ ետք.՜ կեցցէ մեծ հայրենասէր ղեկավար Թորոսը։

կր ծիծագէր։ Զարեհը առանց ծիծաղի չէր կրնար ապրիլ։

Ոմանք կիսեն, Զարեհը սինիք է։ էս կիսեմ Զարեհը մարդու տեսակ մըն է, որ զգացածը կ ^արտայայտէ բերանացի թէ գրաւոր։

Աշխար հր, բնութիւնը տ ես ա կն եր ո վ կր հարստանայ։

Միօրինակութիւնը շի սիրեր։

Միօրինակութիւնը չի սիրեր նաեւ բանաստեղծ Զալւեհ Մելքոնեանը։

Հէ՜յ, ի՜*նչ նորութիւն, երիտասարդ քերթող...

Հալէպ, 1985 Օգոստոս

Որքան երկիրներ ու աստուածներ տեսաւ կոստան Զարեան... օր մը, մենագրոգ մը, պիտի թուէ մեղի բոլորը, թէեւ այդ բոլորը կան Իր ստեղծագործս»թիւ ններան մէջ։

Թեւաւոր ծնածէր։ Մեծ տարաձութիւններու վրայ թեւածելու համար ու թռաւ իր հայրենի Շամախէն մինչեւ հեռաւոր ծայրերր աշխար հի։ Իր թռիչքը միայն ցամաքային կամ ովկիանային եր թուզին եր ու վրայ չէր, այլ միջոցն ի վեր դէպի անպարագրելի միգամածութիւններ ու դէպի նոյնքան անպարագիծ հոգին մարդուն։

Ինքն ալ եղաւ բաբդ բնութեան պէս, երբեմն պարզ, երբեմն ան­հասկնալի ու երբեմն հակասական։ Պաշտեց ու հայհոյեց նոյն գաղա­ փարներուն, սիրած գաղափարներուն, վարպետի լեզուով։

Ոայց... ամբողջ կեանքի ընթացքին լոյսի ճառագայթին պէս ուղիդ ու անբեկանելի մնաց իր հոգիին մէջ պաշտամունքը հայրենի հողին։

Մեծերու հետ սեղան նստաւ հաւասարի իրաւունքով ամէն տեղ, ամէն երկնքի տակ. բւսյց հայ ծնած էր, ինքղինք առանձին զգաց րոլոր