Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/54

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

լայնարձակ տարածութիւններու վրայ իր գիտցած բոլոր լեզուներր գ որ ծա ծեղով։

Ուշ տիրապետեր իր մայրենի լեցուին, բայց երբ տիրապետեր, զգաց թէ բոլոր լեզուներէն աւելի մայրենին է իր հոգիին թեւը, անով միայն ինք կրնայ միջոցներ գրաւել, իր թիւով փոքր ժողովուրդը առաւել եւս բարձրացնել։

էեռն ի վեր նաւ բարձրացնողն է կոստան Զարեան։

Վերջին անգամ, կը պատմէ ընկերս * Հայկ Աըահվերտեան, կոստան Զարեան Շիքակոյէն թռիչք առաւ մեկնելու համար Հայաստան։

Եաղաք ֊օդանաւակայան միջոցը երկար չէր, թայց ահա երկիրներ ու աստուածներ տեսած գրագէտը քիչ մը յոգնած, քիչ մը սպառած, բայց տեսլավառ կը մեկնէր հոն, ուրկէ սկսած էր իր կեանքը, կ՚երթար այն հողին, որ յաւիտենական էր, յաւիտենութեան կ երթար տասնամեակներու թափառումէ մը ետք, գոչելով.– Հայկ, որդի, հսկայ Ամերիկայի մէջ առան­ ձին եմ, բոլորովին առանձին։ Հասկցող չունիմ, ունկնդիր մը չունիմ, կերթամ հողիս, եթէ հոն ալ չհասկնան զիս մարդիկ, եթէ հոն ալ մնամ մենակ, առանձին, գէթ Հողը զիս կը հասկնայ, Արարատը զիս կը հասկնայ, չէ** որ ես այդ հողի զաւակն եմ։

Ու թռիչք առաւ կոստան Զարեանը վերջին թոիչքով դէպի յաւիտենութիւն, դէպի յաւիտենական հողը հայրենի, դէպի Հայաստան։

Ու ինչպէս կր պատմուի հեքիաթներու մէջ, հեքիաթային եօթ տա­րիներ ապրեցաւ այն հողին վրայ, ուր ծնած էր, ուրկէ թո֊իչք առած էր։

Այստեղ եւս առանձին մնաց։ Ապրեցաւ մենակ։ Եր ամենօրեայ այ­ ցելուն ճարտարապետ զաւակն էր1 Արմէն Զարեանը ու անկէ ունեցած իր թոռները։ Ուրի^շ, ուրիշ քիչեր կայցելէին զինք։ Այդ քիչերէն մէկն ալ ես էի։

- ՏղաՀս, կըսէր Զարեան ինծի, Հողը իմաստս ւն է, ես հողիս վերա­ դարձայ։ Հողը անվախճան է։ ես կոչ ուղղեցի զաւակներուս, որ հողին գան։ Արմէնս եկաւ ամբողջ ընտանիքով ու ճիշդ ըրաւ։ Վստահ եմ, միւս զաւակներս ալ կը լսեն ձայնս։ Ոոլոր հայ երիտասարդները կը լսեն ձայնս ու կը վերադառնան հողին։

ԵանինՄր գտան մահր օտար ճամբաներու վրայ։ քանիներ չունեցան քաջութիւնը հողին գալու։ Զարեանին չպակսեցաւ գիտակցութեան լծակ քաջութիւ նը։

Այսօր, իր ծննդեան հարիւրամեակն է։ Հայրենիքի մէջ, մարդիկ առանձին, մենակ թողուցին կոստան Զարեանը իր կեանքին վերջին եօթ հեքիաթային տարիներուն, երբ հողին համար ապրած Զարեանը միացաւ ղինք ծնող հողին։

Այսօր, սակայն, հայրենիքը կը մեծարէ իր մեծ ծնունդներէն մէկուն ծննդեան հարիւրամեակը։ կուղպ բերաններ կը բացուին, գրիչներ գործի