Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/55

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կը լծուին, գրողին ողջութեան ըսուելիք խօսքեր կը դառնան սեփա­ կանութիւնը րոլորին...

Մեր ժողովուրդը ըսած է, չէ՞.- Տաշուածքարը գետնին չի մնար...

Ա*լ առանձին չես, Կոստան Զարեան։ Բոլորիս հետ ես այսօ*ր, վաղը, մի*շտ:

Հալէպ, 1985

Տաքթըր Բէքլիկեան... Այդպէս ճանչցաւ զինք Ամերիկան։ Մենք շատ Համրաըձումներ ունեցած ենք, ամէն մէկը իւրովի հերոս մը. մէկը կր կոչուէր Պոյաճեան, յեղափոխական մըն էր, այդ ճամբուն վրայ իր կեանքը տուաւ: Միւսը Երամեան կր կոչուէր, Վանի մէջ իր անունով դպրոց հիմներ: Ուրիշ մը խմբագիր էր փարիզի մէջ: Ու այսպէս շատեր:

Բայց Համբարձում Բէքլիկեանր տարբեր էր այս րոլորէն:

Հաճրնի ու հաճընցիի զաւակ, իր բնաշխարհէն ժառանգած էր տո­կունութիւն: Ժայռերը կարծրութիւն մը տուած էին իրեն, գետերը խո­ խոջուն լեզու, արծիւներր զինք դարձուցած էին սրատես, անտառները սորվեցուցած էին ԸԱալ խիտ ու ստուերամած ու գով; Մէկ խօսքով, Հէքլիկեանր կտոր մը Հայաստան էր, ինկած։ Ամերիկա:

Ծնած էր դառնալու համար գրագէտ, րայց դարձաւ բժիշկ:

Ես զինք տեսայ Երեւանի մէջ Փարիզի մէջ, Պէյրութի մէջ, Տիթրոյթի մէջ ու իր ապրածքաղաքին։ Շիքակոյի մէջ:

Երբ զինք ճանչցայ, արդէն բժշկապետ էր, հռչակուած օրթոպէտ, ոսկրաբոյժ: Իր մասնագիտութեան գծով, իր հեղինակած զօրքերը կԽգտագործուին ամերիկեան համալսարաններու մէջ։

Ամբողջ յիսուն հինգ տարի ծառայած էր Շիքակոյի մեծագոյն հիւան­ դանոցին, ուր երբ վերջին ան գամ զինք տեսայ 1983ին, հիւանդ պառկած էր ձայնալարի վիրաբուժական գործողութենէ մը ետք:

Ես խօսեցայ, ինք լուռ ունկնդրեց։ Ապա թուղթ ու մատիտ խնդրելով գրեց, որ հասկնամ իր միտքերը:

Գրեց.– Կարդա* Հք անդ Մաթեււոսեանր: Բաղդատէ Շահնուրն ու Զապէլ Եսայեանր: Սա երկու հազար տոլարը Անդրանիկ Ծառուկեանին տուր «Նայիրի»ին համար։ Ամէն օր գրէ։ Սփիւռքին ծառայելը շատ կարեւոր է: Ազրպէյճանր նաւթ ունի, Վրաստանը ծով ունի, Հայաստանր Սփիւռք ունի: Մի մոռնար այս պարագան: Սփիւռքը ոսկեհանք է, զայն օգտագործել գիտնալու ենք յանուն մեր դատին, յանուն Հայաստանին: