Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/58

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Իմս ատաղձագործութիւն է: Մուրճ գործածեր քամ քամեր երկաթ զետեղեր այդ այսօր ալ կ*ըԱայ, վաղն ալ կըԱայ: Այս շուները մէկ քանի ժամը շատ կը գտնեն ինծի համար:

Հոգիս բուժեցէք, հոգիս: Հոգին աւելի կարեւոր է ու բժշկապետը ձեոքլ կը զարնէ կուրծքէն:

Ուլիրմ, կիսէ բժշկապետը դառնալով Աարոյեանին, նոր վիպակ մը գրած եմ, կը կարդալս մաս մը; Կարդա՜ կարծիքդ կքուզեմ:

Իմ գործ կարդալ գրել է, կիսէ Սարոյեան ու կր վերցնէ Թէքլիկեա նին պարզած թղթապանակը:

Յաջորդ օրը, դարձեալ կողք կողքի են հայութեան այս բեկորները:

Սարոյեանը, Թոթովենք էն փոխ առնուած ձայնով մը կը պոռայ.- Յէքլիկեան, կքուզե^ս մենք բարեկամներ մնանք, այո՞, լաՀւ, դուն պէտք չէ պատմուածը գրես, վիպակ ու վէպ գրես, դուն սուր աչք ունիս, հոտա­ ռութիւն ունիս, քննադատ ես, դուն վերլուծէ գրականութիւն: Այդ է քու գործբժշկութենէ զատ:

Թէքլիկեանը շշմած մեծ գրողին երեսին կը նայի «Կովի պաղած ալքերով»: Այս խօսքերը իրն են:

1983ին, երբ իրեն կը հանդիպէի վերջին ան գամ, պատմեց ինծի այս բոլորը, գրաւոր պատմեց ու աւելցուց.– Զէի կրնար չգրել, Աարոյեանին հետ մեր բախումէն ետքն ալ շարունակեցի արձակ գրել: Անգլերէնով երկու վէպ եւ պատմուածքներ գրած եմ: Առ, քեղի կու տամ մաս մը, գոլցէ օր մը թարգմանես, կամ մէկը թարգմանէ, որ ժողովուրդս տեսնէ, թէ Համբարձումը միայն բժիշկ չէր» նաեւ գրող էր:

Այո՛, Համ իարձումր նաեւ գրող էր, հօրս պէս, որ անտիպ մնաց:

Նիւ Եորք, 1984

1968: Բժշկապետ Թէքլիկեանը հեռախօսի այս ծայրէն, այսինքն Շիքակոյէն կը խօսի արագ-արագ, խնդրարկու ձայնով, քիչ մրն ալ կո­պիտ. - Պիտի գաքս, պէ*տք է գաս, քեզ ուղողը Շիքակոյի հայ ժողովուրդն է:

Հեռախօսալարի միւս ծայրէն հրաւէրը մերժողը Ֆրեզնոյէն Ուի լիր մ Աարոյեանն է: Իու հայերուդ հետ, Շիքակօ գամի*նչ ընեմ: Պիզնէսի մա­ սին խօսիլն շիշ քէպապի մասին:

Այս ծայրէն Տոքթ. Համբարձումը Հաճրնի կայծքարէն փոխ առնուած բառերով իր պահանջքը կր կրկնէ: