Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/59

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սարոյեան տեղի կու տայ: կերեւի իր նա հանջր յարձակումի պատրաստութիւն էր։

Նիքակոյի հայերը ոլզած էին յարգել հայ մեծ գրողր ճաշկերոյթով մը: ճաշի սեղանը մարգերը իրարու քսվ կր բերէ*.

Եկած էին հարիւր հոգի:

կը ժամանէ Աարոյեանր։

Բժշկապետ Համբարձում Յէքլիկեան ուրախութենէն կր ճա­ռագայթէ: Յաղթականը ինքն է: Ոտքի, տիրական կը խօսի, կը դրուատէ մեր անգլիագիր հայրենակիցը: ք^ոլոր ներկաներր կր ծափահարեն: Խօսքր Աարոյեանին կը տրուի:

Սարոյեան կը սղալէ պեխերը ու ձեռքը երկարելով ներկաներուն հարց կու տայ.– Աեզմէ ո^վ կարդացած է Սարոյեան: Վեց ձեռքեր պու­րակի մը շուքը կր նկարեն օգին մէջ; Հարիւր ներկաներէն վեց հոգի:

Խօսքը ուղղելով վեց ընթերցասէրներէն մէկուն, գրողը հարց կու տայ.– Պատմէ տեսնեմ վերջին ան գամ ի^նչ կարդացած ես Սարոյեանէն: Այս պատուական ճայը կը կմկմայ, կը շուարի, ու ի վերջոյ կը յաջողի ըսել.– Մոռցած եմ:

Սարոյեան կը նայի բազմութեան, կը նայի Յէքլիկեանին, կը ծա­ մածռէ դէմքր, կերեւի րսելիքին ծանրութենէն կապրի ներքին լարում մը ու կր յայտարարէԽօսելիք չմնաց, մարգը մոռցած է... ու կառնէ կը քալէ...

Դրան սեմին, բժշկապետը կը հասնի Աարոյեանին ետեւէն, կը բռնէ թեւը ու գրեթէ լալագին կը յարէ.– Ւ^նչ կ՚ընէք պարոն Սարոյեան, բոլորս ձեզի համար հաւաքուած ենք, ո.ւր կերթաք...

Սարոյեան, գրեթէ կը պոռայ.– Տռքթոր, այս մարդոց շիշ քէպապ տուր, մէկական քատիլաք ու մէկական վիըա տուր արուարձանի մը մէջ, մէկական օռսպի, ուիսքին չմոռնաս ու մոռցիր զիրենք... իրենք, այդ բո1որր ունենալէ ետք աշխարհր մոռցած կիըան...

Սարոյեան կը մեկնի:

ճաշկերոյթը կը շարունակուի:

Համբարձում Յէքլիկեանը կը քֆրէ*

Դամասկոս, 1985