Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/63

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Բանաստեղծ եղէք, որ ամէն օր Անդրանիկի պէս ուտէք, խմէք ու խօսիք. ինծի պէս սպասեակ միՀ ըլլաք։

Բանաստեղծ եղէ*ք։

Հալէպ, 1985 Օգոստոս

Ամէն անգամ, որ Փարիզ կերթայի, անպայման կը հանդիպէի պատուական այն հայուն, որ Բալուեանն էր։

Այդ օրերուն «Զուարթնոց»ր դադրած էր։ Պարբերական մը, որ տասնամեակէ մը աւելի իր շուրջ հաւաքած էր մեր գրողներու ընտրանին թէ/ Արեւելքէն, թէ/ Արեւմ ուտքէն, շարքերուն մէջ ընդգրկելով Իսահակեանին պէս յայտնի անուններու կողքին, Վահեանի նման նորեր։

Սպիտակած էին իր մազերր, քիչ մը նահանջած ու ստացած բաշի ձեւ... ժպիտը անպակաս էր դէմքէն։ Նստած կ*ԸԱտր Ռիշէ փողոցի իր գրատունին մէջ, շրջապատուած գիրքերով, հայ գիրքերով, ճիշդ դիմացր Բիւզ անդ Թօփալեանի «Արաքս» տպարանին։

Նորէ^ն եկար, Թորոս, կ*ըԱար իր խօսքը։ Եկուր, եկուր նայինք, ի-նչ լուրեր բերած ես հայրենիքէն։

Ու ծայր կառնէր անվերջանալի մեր խօսակցութիւնը, որ միշտ հայ գրականութեան մասին կքրԱար, միշտ, որպէս նիւթ կ՚ունենար հայուն անվերջ ցաւը։

Ժամերը կը սահէին, ոչ մէկ յաճախորդ կու գար հայերէն գիրք մը խնդրել։ Այս տխուր վիճակը ալ սկսեր էր յուսահատութեան մատնել այս գրամոլը։

Պարապութիւնը կր խենթացնէր զինք։ Ատենին կօշկակար էր։ Այդ օրերուն անգործչէր մնար։ Յետոյ եղաւ խմբագիր։ Հրատարակեց «Զր՜ ւարթնոց»ր։ Այս պարբերականը պատճառ եղաւ, որ կապուի աշխարհին հայ գրողներու միջոցով։ Արհեստանոցը վերածեր գրատունի, շունչ մը առաւ, հայ գիրքն ու թերթր սիրողներ կային, Մեսրոպին սուրբ գիբեբը Ճանչցողներ կային։

Իսկ հիմա, չէր գիտեր ժամանակը ինչպէ^ս սպաննէր։

- Անցեալները, պատմեց Բալուեան, պառաւ հայ կին մը ափ առաւ գրատունիս առջեւ, ձեռքին սրսկումի համար ասեղ մը ու հարց տուաւ,

- Բժիշկ Շաւարշ Նարդունին դո^ւք էք։

Անմիջապէս հասկցայ թէ բանը ինչումն է ու այո պատասխանեցի, ես եմ։