Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/65

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

- Ի՞նչ է այդ ծրարին պարունակութիւնը, Հարց կու տայ Ադամեան:

- Զեռագիր մըն է, կը պատասխանեմ:

- Ո՞ր դարէն է ձեռագիրը, կը շարունակէ Ադամեան:

- քսաներորդ դարէն, իմ ձեոագիրս է, կիըտյ պատասխանս: եր խնդայ, կ քուզէ տեսնել: եր բացատրեմ՝, որ գիրք մը գրած եմ Երեւանի բժշկական հաստատութեան երէկին եւ այսօրին մասին: ե*ուրախանայ: Անմիջական ու գործնական մարդ է Ադամեան, անմիջապէս կը յարէ.– Դուն ուսանող մարդ ես, ինչպէ՜՞ս պիտի հրատարակես այս գործը. ու արւանց պատասխանի սպասելու կիսէ, նայէ*, ես տեղէս չելչեմ, սա դիմացի դարակին մէջ գիրքերուն վրտյ նամակի բաց պահարան մը կայ, վրան գրութեամբ մը, վերցուր, կարդա եւ տուր համաձայնութիւնդ: եր վերցնեմ ծրարը, վրան գրուած է «բարի գործի համար», մէջր * դրամ:

- Յետո՜*յ, կիսեմ:

- Ինչ յետո՞յ, եաւրում, ամէն ինչ յստակ է, գիրք հրատարակելէն աւելի բարի գործ կրնա՜*յ ըլլալ: Դուն ինձմէ դրամչուզեցիր, ես, ատենէ մր ի վեր, այդ պահարանին մէջ շաբաթը մէկ երկու անգամ թղթադրամ կր դնեմ բարի գործի համար: Այդ գործր ներկայացաւ, քու գրած գիրքդ է, առ, վերցուր դրամը, պահարանը թող մնայ, գնա տպէ գիրքդ:

- Ես ձեռքէ դրամ չեմ առներ, ըսի Դրիգոր Ադամեանին, Թօւիալեանին «Արաքս» տպարանը քեդմէ հեռու չէ. ես ձեոագիրս կը թողում մօտդ, կանչէ Թօփալեանր, համաձայնէ:

Ոարի գործի համար:

Այդպէս լոյս տեսաւ Երեւանի բժշկական հաստատութեան մասին գրած գիրքս, որ տուեալ նիւթի մասին գրուած առաջինը ըԱտլու առաւելութիւնը ունէր:

Հալէպ, 1985

«Արել Ես Խմած Դարերով»: Այսպէս վերնագրեցի բանաս տեղ ծութիւններուս գիրքը եւ ղրկեցի Փարիզ, բարեկամիս Ոիւզանդ Թօւիալեանին:

Ուսանող էի Երեւան եւ ամէն արձակուրդի կերթայի լոյսի քաղաքին մէջ անցընելու օրերս:

- Եկա՜*ր, կքըսէր Թօւիալեան ու կատակով կքաւելցնէր.– Որբունու ԳՒրՔԸ հաՐԴա9Ւ^Ր խնդայինք:

Այս անգամ ուրախանալու ուրիշ պատճառ մըն ալ ունէի: Թօ–