Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/66

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փալեանը տպածէր գիրքս։ Ուրեմն, «Արաքս» տպարանը Հայերէն գիրք մը եւս տպած էր Փարիզի մէջ՝.

Նոյն օրերուն, Փարիզ կը գտնուէր երդի ծան կարիչ Սարուխանը։ Ֆրանսահայ Գրողներու Միութիւնը որոշեր էր յարգել զինք Բատէ սրճարանի վերնայարկին մէջ՛.

էս ալ Հրաւիրուած եմ: Ինծի ալ խօսք պիտի տան։

Զեմ գիտեր ինչու, Թօփալեւանը կը բացակայէր այդ երեկոյթէն: Հաւաքուած էինք հարիւրի չափ հայեր։ Օրուան հանդիսութեան նա­խագահողը Հրանդ Բալուեանն էր։ Խմբագիր Բալուեան կատարեց բա­ցումը, խօսքը տուաւ Աարգիսեանին, ապա ինծի։

Ես խօսեցայ այն մասին, թէ Սարուխանի «Մենք Հայերէն Զենք Գիտեր» թատրերգութիւնը որքան յաջողութիւն գտած էր Երեւանի մէջ ու քանի մը ան գամ ներկայացուած* հեռ ատեսիլէն։

Վերջին խօսողը եղաւ Սարուխան ինքը։ Ծխալի սրճարանի մը երկրորդ յարկին վրայ հայկական մթնոլորտ մը ստեղծուած էր։

Յանկարծ, ուրկէ ուր, երբ ներկաները կը պատրաստուէին մեկնիչ, Բալուեան յայտարարեցՍիրելի ներկաներ, քիչ առաջ, այս տեղ, դուք լսեցիք ելոյթը Թորանեանին։ Օրերս, Թօփալեանի տպարանէն լոյս տեսաւ իր բանաստեղծութիւններու մէկ գիրքր, հիմա, մեր սիրելի Թորոսը իր գիրքր պիտի ստորագրէ բոլոր անոնց համար, որոնք կուզեն օրինակ մը ունենալ այս գիրքէն։

Ես անակնկալի եկայ։ կարծէք երեկոն նուիրուածրըար ինծի։

Ցերեկին, Հրանդ Բալուեան, առանց լուր տալու Բիւզանդին, «Արաքս» տպարանէն կը վերցնէ մէկ քանի կապոց գիրք ու իր հետ կր բերէ սրճարան Բատէ, ուր պիտի մեծարուէր Սարուխան։

Բերուած կապոցները սպառեցան։ Ես դողդոջ ձեռքով կը մակագրէի գիրքերս։ կոկիկ գումար մը գոյացաւ։

Յաջորդ առաւօտ շունչս կանուխէն առի Բիւզ անդ Թօփալեանին մօտ։ Գոյացած գումարը դրի իր ափերուն։ Ւ^նչ է այս, ըսաւ «Անդաստան»ի խմբագիրը։ Գիրքիս հրատարակութեան փոխարժէքն է, պա­տասխանեցի։

- Զեմ առներ, ըսաւ, Թորոս, չեմ առներ։ Այդ գիքքիդ *1Րայ աշխա­տեցանք Գմբէթեանն ու ես ու երկուքս ալ որ ոշեցինք թ որ այս հրատարակութիւնը մեր նուէրը րըայ քեզի համար։

Ես պատմեցի նախորդ իրիկուան եղելութիւնը։ Ըսի թէ, Բալուեան մէկ քանի կապոց գիրք «գողցած» է տպարանէն ու բերած երեկոյթին։ Թէ գիրքերս վաճառուեցան տեգւոյն վրայ ու գոյացաւ այս գումարը։

Բայց չեմ հաւատար, Թորոս, գրեթէ կը պոռար Բիւզանդ, չեմ հաւատար: Բառասու ն տարի է, Փարիզի մէջ գիրք կը տպեմ այս