Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/67

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

տպարանին մէջ, այսպիսի դէպքի չեմ հանդիպած, շեմ հաւատար:

- Տես գումարը ու հաւատա, ըսի։ Կերեւի փարիգահայերը փոխուիլ սկսած են:

Բիւղ անդը ակամայ վերցուր գումարը ու տխուր ըսաւ.

- Այո, փոխուած են փարիգահայերը, բայց ո^ր ուղղութեամբ...

Այս օր ալ, Բիւզանդ սիրելի, կը խորհ իմ, հայը ամէն տեղ կը փոխուի այն ուղղութեամբ, որ կարելի է։ Չէ՞ որ մեր ոտքին տակ չկայ հող հայրենին:

Հալէպ

...

Մինչեւ այսօր ալ կը ղարմանամ, որ մայրս ինչո^ւ ինձմէ պահածէր այս պատմութիւնը: Մայրս, որ գրեթէ իմ ընկերս էր մանաւանդ, երբ տարիքս առի։ Աւելի պարղ արտայայտուելու համար ըսեմ, որ երբ ես երկու ղաւակի հայր էի ու տարիքս երեսունը քիչ մը անց, մայրս միայն քառասուն հինգ տարեկան էր: Ուրեմն ընկերուհիս էր, խորհրդատուս: Սակայն ինձմէ պահած էր այս պատմութիւնը:

Տարիներ ետք ագգական մը պատմեց այս իրապատումը:

Հայրս վախճանած է Զահլէի մէջ, Լիբանան, երբ ես աւարտելու վրայ եղած եմ ծննդեանս երկրորդ տարեդարձր: Բոյրս Մաքրուհին, բարուրի մէջ կաշկանդուած կ*ըԱայ երեք ամսու տարիքով:

Մայրս, միայն 18 տարեկան, կը գրկէ իր որբուկներր, ինքն Ւսկ որբացած, կու գայ Հալէպ իր ծնողներուն մօտ:

կեանքը կքրԱայ դժուար: Խնդալու տարիքին մայրս սեւերու մէջ է: Ծնողքը կ*օգնէ իրեն, որ չյուսալքուի:

Այդ օրերուն, հօրս կողմէ մեր մէկ աղգականը փոքրիկ պղինձէ ամանի մը մէջ կէս քիլոկրամ իւղ շալկած՜ այցելութիւն մը կու տայ մեր տունը, որ հողէ յատակ ունէր: կր նստի մարդը, որ Տիգրան անունը կը կրէր, կը խօսի ասդիէն անդիէն, մեր, որբուկներուս մասին կը հարցնէ, ապա ոտքի ելլելով կր մեկնի:

Մարդը հադիւ հասած կիըայ թաղին ծայրր, երբ մայրս տագնապով դուրս կքերէ ու կը պոռայ.- Տիգրան, Տիգրան, ամանդ մոռցար, ամանդ:

Տիգրանր դարձուածքին վրայ գլուխը կէս մը դարձնելով բարձրաձայն կր պատասխանէ.– Որբերուն համար բերած եմ:

Թաղը ամբողջ կը լսէ, որ Տիգրանը որբերու ն համար բան մը բերած է: Ու հո ղաթափր հագնողը, փայտէ խափարակր հագնողը ափ կառնէ թեւատ Տիգրանին տունը, որպէսզի հասկնայ, թէ որբերուն համար ինչ տուած է։

Սկիզբը, թե ւատ Տիգր ան, համեստ կը պահէ ինքզինք ու կրսէ թէ