Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/68

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իր տուածը բան մը չէր, րայը երբ կը տեսնէ այցելուներուն թիւր անցաւ տասը, կը սկսի մեծամտանալ ու եկողին պատմել, թէ որբերը պահողը ինքն է, հապա՞, իր երակներէն հոսողը ջուր չէ, արիւն է, նոյն այն արիւնէն, որ կը հոսէր հօրս երակներէն։

Թաղին մէջ խոսակցութեան նիւթր Տիգրանն է։ էեցցե՛ս Տիգրան, որբեր կր պահես։

Խօսքը վիղայի պէտք չունի։ Կր ճամբորդէ առանց դրամի:

Ու ճանբորդող այս խօսքը կր հասնի նաեւ մօրս ականջին։ Մայրս էր, զայրացած ափ կառնէ նպարավաճառ Յովսէփին թիթեղածածկ խանութին առջեւ ու կը խնդրէ իրեն պարտքով տալ կէս քիլօ իւղ:

Մայրս, աման տարած չըԱար հետը։ Թոնթոզած կէս քիլօ իւղը կառ­նէ ափին մէջ ու կուղղուի թեւատ Տիգրանին տունը։ Մայրս, աջ ձեռքի իւղը կողմնակի կենալով կը պահէ ու ձախ ձեռքով կը մատնահարէ Տիգրանենց դուռը։ Կը բարուի փեղկը դրան, ուր կուրուագծուի «բարերարը»:

Մայրս գրեթէ կը պոռայ,– ՏիգրաՂւ, կոյր ու թեւատ Տիգրան, դո^ւն ես, որ կր պահես ոբբուկներս, դուն, որ տարագրութեան օրերուն իսլամացար, ուրացող Տիգրան, խօսէ, դո^ւն ես որբուկներս պահողը...

Տիգրանը անակնկալի կու գայ։ Թաղեցիներ կը փութան մօրս ձայնին կողմը։ Մեծ անակնկալը պահուած էր, մօրս աջ ձեռքին մէջն էր ու կաթկթիչ սկսած էր, ու երբ եկողները թիւ կր կազմեն, մայրս, պահուած ձեռքր Տիգրանին դէմքին ուղղելով, աՀռ, կըսէ, աՀռ, անօթի Տիգրան, առ բերած կէս քիէ° ՒւՂԴք բարերար դարձար այս իլ ղով. անմիւռոն Տիգրան, առ ու միւռոնուէ։ Այս ըսելով, մայրս, իր ձեռքին գտնուող ամբողջ իւղը կր քսէ Տիգրանին ալքին, քիթին ու մռութին...

Մայր, քեզ որքան կը սիր էի, գիտես, բայց այս պատմութիւնը լսելէ ետք, որքան աւելի սիրեցի քեզ, մայր։

Պէյըութ, 28 Յուլիս 1985

Ղարձեալ Նիւ Եորքի մէջ։ Մի բարկանաք, եթէ ըսեմ, որ այս քաղաքր աւելի սիրեցի, քան Լոս Անճելըսը։ Մի հարցնէք ինչու, տե^ղն է բացատրութիւններ տալու:

Պրոտուէյը սիրեցի։ Ներկայ եղայ թատրոնի, համերգի։ Թանգա­րաններ տեսայ, Սէնհէթընի երկայնքը լափեցի ոտքով։ էրկնաքեռներր լէին հետաքրքրեր զիս, մտայ հայոց Ս. Վարդան տաճարը։

Խենթ պիտի կոչէք զիս, կոչեցէք այդպէս, այդ բառն ալ կր սիրեմ, ամէնէն աւելի Նիւ Եորքի հայերը սիրեցի։ Ուզեցի տեսնել Նիւ Եորքի մեթրոն։ Տեսնելէ ետք բազում քազաքներու գետնուղիները՝ Լոնտոնի, Փարիզի, Հռոմի, Մոսկուայի, Սոնրէալի ու Երեւանի, այս մեթրոն, Նիւ Եորքի գետնուղին, իսկապէս աշխարհի ամէնէն մեծ երկայնքը ունեցող խենթանոցն է։ Ու ես ինծի ըսի.– Թորոս, գնա սիրէ այս խենթանոցը։