Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/70

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գրագէտը ըսաւ.– Կտաւներս ալ, գիրքերուս պէս կր բաժնեմ:

Վերցուր հաւնածդ Թորոս։ Երկարեցի ձեռքս ծաղկեփունջի մը, դողաց ձեոքս, կարծէք ես ալ դարձայ ութսուն տարեկան:

- Վերցուի, վերցոՂր, ըսաւ Արամ Հայկազ։

Վերցուցի։ Ու դառնալով բարեկամներուսԴուք ալ զատեցէք հատ մը, ըսաւ գրողը։ Անոնք թէ մենք Թորոսին հաւնածը հաւնած էինք։ Հա, ատիկա գտաւ իր տէրը, դուք ուրիշ մը վերցուցէք, ըսաւ Արամ։

Պահ մը ետք, մեզ ճամբու դնելու համար փողոց դուրս ելաւ Արամ Հայկազ։ Յուդուած էր։ Փաթթուեցաւ վիզիո ու ըսաւ,– Թորոս, ծերացած եմ, ասիկա մեր վերջին տեսակցութիւնն է, ակ կ՚երթամ, Շապին Գարահիսարը չտեսայ նէյ մըն ալ...

- Վարպետ, ըսի, բտյց Երեւանը տեսար, մեծ Հայաստանին ապա­ ռաժէ հիմքը տեսար, ուրիշներ այդ ալ չտեսան: Դուն, Երեւանի մէջ, Հայաստանի ծնունդ, դարերու ծնունդ Պարոյրը տեսար, համբուրեցիր Պարոյրը, կր յիշե՞ս...

Գացինք։ Ըոլորս ալ յուդուած էինք։

ճամբան, ինքնաշարժին ղեկին վրայ Միսաքն էր, Զարմինէն կողքին։ Ըսի, Զարմինէ/, քեզի եմ, քոյրս, ես վաղը կր մեկնիմ Հալէպ, շաբաթ մը ետք լաւ հերիսայ մը կր պատրաստես, դուն ու Միսաքր տաք հերիսան շալկած կերթաք Արամ Հայկազին մօտ, լսեցիք, չէ^, որ ըսաւ թէ իր ամէնէն շատ սիր ած հայկական ճաշը հերիսան է։ Ահա թէ ինչոՂ քիչ առաջ հարցուցի այդ մասին:

Զարմինէն խոստացաւ:

Ամիս մը ետք, Հալէպի հասցէովս նամակ մը ստացայ: Կարճ նամակ մը ծու ռտիկ, նորավարժի դիրերով: Ութսունհինգամեայ Արամ Հայկաղն էր գրողը։

- իմ խայտառակ Թորոս, կերայ եփած հերիսադ։ Հերիսադ շատ համեղ էր, ե աւր ում՝...

Հալէպ, 1985

Պատմ ող մըն էր: Աքանչելի պատմող մր: Երբ կր նստէի իր հետ ՂՐո19Ւ՛ ա1Դ ԸԱաՐ Պէյրութի թէ Երեւանի մէջ ինծի այնպէս կր թուէր, թէ «Աասունցի Գաւիթ» դիւդազներգութիւնը ինք երկնած Էր։

Մեծ չէր տարիքով, բայց երբ պատմելու սկսէր, կր կարծէիք, թէ դարեր ապրած մարդ մը իր կեանքին փորձառութեան հազարաւոր էջերը կր բանար ձեր տեսողութեան առջեւ: