Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/71

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պարսկահայ էր: Ներողութիւն, սխալեցայ: Հաքյ էր: Իրանի Հաֆթվան գիւղէն: Այսինքն համագիւղացի ուրիշ հենքէ գրագէտի մը Սմբատ Փանոսեանին:

Տարին 1971ի գարունը ցոյց կոլ տար: Նամակ մը ստացայ իրմէ, Պաղտ ատ էն: Գիտէք, Լեւոն Շահոյեանր կապրէր Պաղտատ, Տիգրիսի ափին, ու այդպէս ալ մկրտած էր պատմուածքներու իր մէկ ժողովածուն:

Իր այդ նամակով, ուղղուած ինծի, Հալէպ, կը հրաւիրէր զիս ու ըն­ կերուհիս Հարուն էլ Ռ ալիտի քաղաքը: կը հրաւիրէր տասն օրով։

էս ու կինս Հայաստանէն նոր եկած էինք, որպէս բժիշկներ, ու տակաւին չէինք ձեռնարկած աշխատանքի: Դժուարութիւնն եր ունէինք: Լսած էր այդ բոլորը ու որոշած հրաւիրել մեզ։ Կր գրէր.– Վեր կտցէք, եկէք, թքած կեանքի դժուարութիւնների վրայ։

Գեղեցիկ միջօր էի մը մենք հասանք Պաղտատ: Գեղեցիկը դուք պարգեցէք մտածելով իրաքեան շիկացնող արեգակին մասին:

Տասն օր, Պաղտատի մէջ արքայական օրեր ունեցանք: Տասն օր, լսեցինք Տիգրիսի երդերը, Տիգրիսի ափին ձուկ ճաշակեցինք: տեսանք առկախեալ պարտէզներուն տեղը, մէկը աշխարհի եօթը հրալալիքներէն, գացինք Տիղբոն, փնտռեցինք հայոց Արշակ թագաւորին բանտախուցը ու բարձրաձայն մտածեցինք.– Արդեօք այստե՞ղ ճօճուեցաւ տիկ հանուած Վասակ Մամիկոնեանին մարմինը, իր դժբախտ թագաւորին դիմաց: Արշաի, հայոց արքայ, երբ կռուիլ գիտէիր, գօրք ունէիր, ինչո^ւ զոհը դարձար պարսից շահին դաւադրութեան, ինչո^ւ հաստատեցիր միամ­ տութիւնը հայերուն:

Թանգարաններ այցելեցինք: Համուրապիի, աշխարհի առաջին Օրէնսդիրին բրածոյ արձանագրութիւնները դարերէն մեղի նայեցան: ք^այց ամէնէն աւելի հայեր տեսանք: Մենք, հայերս, իրար տեսնելու պէտք ու - նինք, սրտակցելու համար, հայհոյելու համար, կռուելու համար, բաժնուե­ լով տկարանալու եւ միութեան կոչ ընելու համար:

Տեսանք Պաղտատի հայոց հին ու նոր եկեղեցիները: Նորը կ իշխէր ամբողջքաղաքին վրայ, ուր դեղնած մատներով արքեպիսկոպոս մը իր Զինաստան ապրած օրերուն մասին կը պատմէր:

Հայոց ընդարձակ ակումբները տեսանք, դպրոցը, գերեզմանատունը տեսանք, ուր հանդիպեցանք Միսաք Մեծարենցի մէկ ազգականին տա­ պանաքարին։ - Յուշիկ փախչող իրիկուան ծիրանի լոյսն իր զուարթ:

Ահա հայ մը Զ ուլէմեան անունով: Գլխուն Արարատի ձիւն, ձեռքին գրիչը Ս. Մեսրոպի, երբ մեծահասակ տղոց կ*աւանդէբ մեր մայրենին։

Մեզ, ամէն տեղ առաջնորդողը Լեւոն Լյահոյեանն էր, գաղութին տեսակ մը ոսկիէ կշիրւը: եը յարգուէր ուր որ երթար։

Վեր ջին օրն էր: Յուզուածէինք րոլորս ալ; Յուզուած էինք մօտալուտ