Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/72

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

բաժանումին համար, մեզի ընծայուած այս բացառիկ, եղբայրական առիթին համար:

կայարան: Պաղտատ-Մուսուէ եւրկաթուղագիծ։ Այս գիծը մեր մօտիկ անցեալէն պատկերներ կքարթնցնէ ինձմէ ներս. ատենը չէ այդ մասին բարձրաձայն մտածելու։

Վերքին րոպէներն են: Շոգեկառքը ձիգ սուլոցով մը կու տայ մեկնումի ազդանշանը: Խտացուած պահը կարճ համբոյրով մը կը վերջակէտուի։ Լեւոնը ծրար մը կը յանձնէ կնոջս ու մեզի բարի ճանապարհ մաղթող բազմութեան մէջ ձեռքը* ճերմկիլ սկսած գլխուն երկարելով, ուժգին, մէկ քանի թել մազ կը պոկէ խիտ անտառէն ու ինծի երկարելով կր գոչէ.– Փոքր եղբայր, առ այս մաղերս, պահէ, ու երբ գտնուիս որեւէ դժուարութեան մէջ, վառէ զանոնք ու գիտցիր, որ նոյն վայրկեանին աւագ եղբայրդ կԸԱայ կողքիդ՛ Գնա՝, սիրտս հետդ տարիր:

Վայրաշարժը քալել սկսած էր, րոպէ մըն ալ ուշանայի, կը մնայի հոն, յաւիտենական Պաղտատի կառամատոյցին... Յուղումէս կը դողայի. չեմ գիտեր ինչպէս, երկու Հոգի գրկեցին զիս ու բարձրացուցին վակոն: Շոգեկառքը սուրալ սկսաւ. ես, աստիճանին վրայ Լեւոնի մազերր որպէս թաշկինակ կը շարժէի:

Շուտով, Պաղտատ մնաց հեռուն, կարծէք հազար տարի առաջեկած ԸԱայի այդ քաՂաքը> հազար ու մէկ գիշերներու քաղաքը։

Վայրաշարժը մինչեւ առաւօտ օրօրեց մեզ: Ես, Լեւոնի մազերր դրի պահարանի մը մէջ ու զետեղեցի ծոցագրպանիս մէջ:

Լեւոն Շահոյեան, հեքիաթային, անիրական ու իրական Լեւոն, քանի տարիէ արդէն չկաս, բայց ես կր պահեւմ եղբայրական մազերդ։ թեզմէ բաժնուելէս ետք դժուարութիւններ շատ տեսայ: Յեզմէբաժնուելէս ետք լսեցի Պարոյրին մահուան լուրը, ու անոր մահէն ետք նոյնիսկ աւելորդ սեպեցի ապրիլս:

Յետոյ, քու մահդ լսեցի: կատակ կարծեցի: Յեզի պէս մարգը կը մեռնի*:

Դժուարութեան ժամանակ մազերդ չեմ այրած։ Առանց մազերդ այրելու ալ, դուն, հեքիաթային Լեւոն, կքօգնես ինծի միւս աշխար հէն, ուրկէ ոչ մէկ լուր ղրկեցիր ցարդ:

ԸսէՀ, Լեոն ոիրելի, անդենականին մէջ ալ կը պատմելս հայուն հեքիաթը, հոն ալ քեզ լսողներ կա^ն...

Եթէ չկան, ելիր, եկուր, թքած դրախտի դժուարութիւններուն վրայ, եկուր, մենք կր լսենք հեքիաթներդ, մենք պէտք ունինք հեքիաթներու...

Հալէպ, 1985