Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/74

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

զէնքը ու ելաւ դուրս։ Այ աղայ, ո՞ւր է գողը: Ու ես ցոյց տուի հեռուն թեւերը փաըւոող մարդը։ Հայրս սկսաւ խնդալ։ Ես շուարած հօրս կը նայէի։ Խրտուիլակ է, տղաս, ըսաւ, տեսածդ մարդ չէ, խրտուիլակ է։ Բայց տես, կր շարժի, պապ, ըսի. տես, կը շարժի։ Բամին Է զինք շարժողը, տղաս, ըսաւ հայրս ու քալեց դէպի խրտուիլակը։

Հասաւ, րռնեց թեւերը անոր ու կանչեց զիս իր մօտ։ Վախվխելով գացի։ Հայրս ըսաւ, բռնէ, տես, փայտ ու լաթի կտոր է, խրտուիլակ է։ Ու բացատրեց, թէ ինչ նպատակով, ինք իր ձեռքով պարտէզին մէջ դրած է խրտուիլակներ։

էս այդ օրէն սկսայ չվախնալ խրտուիլակներէ։ Ընդհակառակը, կերթայի, կը նստէի անոնց կարճշուքին տակ ու կը խօսէի անոնց հետ։

Հարց կու տայի խրտուիլակներուն, թէ այդ օր, թռչունները որքա՞ն լոլիկ կտցահարած են, որքա՞ն վարունգ կամ սմբուկ կտցահարած ու որքա՞ն հունտ փճացուցած են։

Խրտուիլակները կը շարժէին իրենց գլուխները։

Շիքակօ, Միչիկրն շիճի ափին։ Ուրկէ՞ այս մտածումները։

Ես բարձրաձայն բացագանչեցի, անշուշտ հայերէն: Սպասեակ մը մօտեցաւ ինծի ու քիչ մր, թոթով էր արդեօ՞ք, կակազելով հարց տուաւ.

- Պարոն, հա՞յ էք։

- Հայ եմ, Հալէպէն։

Ու ժայր տուաւ անվերջանալի խօսակցութիւն մը։ Ինք Պէյրութէն էր։ կուսակցական գորժիչի զաւակ։ Այստեղ, հեռաւոր Շիքակոյի մէջ, այստեզ ալ ակումբ մը ունէին անոնք։ Ինք, ցերեկը կաշխատէր այս սրճարանին մէջ, մեծանուն յաճախորդներ ունէր, որոնց կը խօսէր հայութեան մասին։

կինը հայ էր, հայերէն չէր գիտեր։ Երեք զաւակ ունէր, զաւակները հայերէն չէին գիտեր։ Մէկուն անունը Վարդան էր, երկրորդը՝ Ծովիկ, երրորդը Տիգրան, հօրը անունով։ Երրորդը առաջին զաւակն էր։

Իրիկունները ակումբ կ՚երթար։ Հոն ալ անգլերէն կը խօսէին։

Սարդը պատմեց, պատմեց, անվերջ պատմեց, ուիսքի մը բերաւ ինծի, դարձեալ պատմեց իր կեանքէն։ Աչքնրբ շլմորած էին, կարծես գինով էր, կարծես խմած էր։ Այնպէս կր պատմէր, կարծես իր դէմ բաց ԳՒՐԲ մր կար, զոԸ կր կարդար։

Տխուր մարդ մրն էր այդ հայը, որ ելաւ ոտքի, ներողութիւն խնդրեց ԳԼուՒյս զաւցնելուն համար, գնաց...

Ես նայեցայ իր ետեւէն։ Ինծի այնպէս թուեցաւ, որ քալողը խրտուիլակ մրն էր։

Այո** ինչ կայ որ, հեռաւոր օր մը, Այն Իսա գիւղին մէջ, ես, շօշափելէ ետք հօրս պատրաստած խրտուիլակին թեւերն ու գլուխր, բարեկամացայ անոր հետ, ակ չվախցայ, զրոյցի նստեցայ։