Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/75

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Սա սպասեակն ալ հայութեան խրտուիլակն է: Յաճախորդներ ունի, որոնց կր խօսի հայութեան մասին... կինը հայերէն չի գիտեր, զաւակները հայերէն չեն գիտեր...

Ինչ կայ, որ Շիքակոյի մէք այս խրտուիլակէն վախցող էկայ, իր ցանած հունտերր կտցահարուած են... մարդիկ իրմէ չեն վախնար, գիտեն որ խրտաի/ակ է, նոյնիսկ իր հետ կր խօսին...

Ես սիրեցի քեզ, տխուր խրտուիլակ:
ք^այց իմ սիրելէս քեզի ի^նչ օգուտ։
Շարժէ գլուխդ, խրտուիլակ։
Փարտէ թեւերդ, խրտուիլակ։
Իմ սիրելի, իմ մաշուող խրտուիլակ...


Շիքակօ, 1984

Այս մէկր զարգացած էր։ Իր հետ խօսողները զինք կր կոչէին տոքթոր։ Զարգացա^ծ էր։ Այդ ձեզի կր ձգեմ պարղեւլ։ Ես գիտեմ, որ շողշողուն վկայական մր ունէր ու շողշողուն դարմանատուն մր “ Շիքակոյի շողշողուն մէկ թաղամասին մէջ, ուր կ*րնդունէր շատ դեղահատեր կուլ տուած հիւանդներ։

Հայկր, այս զարգացած մարդր չէր սիրեր, բայց երբեմն, հայերէն խօսելու համար, անոր հետ դուրս կ^եըէր, ծաղարան մր կքերթար կամ ճաշարան մը։

Անգլեըէնի աղմուկին մէջ հայերէնը վարդի պէս կր բացուէր։ Այդ օր, ես ալ իրենց հետ էի։ ժպիտներ, հայկական բազմագոյն խոսակցութիւն։

ք^այց այդ օր, վարդ հայերէնը ճզմուեցաւ։ Ահա թէ ինչպէս։

- Հայկ, ըսաւ զարգացածը, Հայկ, այդ թաղամասէն ե^րր դուրս պիտի գաս, սանկ մարդավարի տեղ մը նստիս, որ մենք ալ քեղ այցելենք։ Սինը ձայնակցեցաւ մարղուն։ Իրաւ որ, Հայկ, համր փախցուցիր։ Սեւերու տյդ թաղամասր կր վախնանք գալու, ակ հերիք է, սանկ մեր կողմերէն լաւ տուն մը գտիր ու մարդավարի ապրէ։

- Տարիներէ ի վեր մարդա պէս կ՚ապրիմ սեւերուն հետ, պա­ տասխաներ Հայկ։

- Անոնք կր հոտին, ըսաւ զարգացածը։