Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/77

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գեղամը Պէյրութի մէջ գրախանութ մը ունէր։ Անոր ճակատին, մեծ դիրերով կրնայիք կարդալ «Օմար քՍայեամ»։ Գեղամր, Իրանի բանաստեղծութեան այս հսկային գրականութիւնը շատ կը սիրէր: Մեծ բանաստեղծէն ժառանգած էբ նաեւ խմելու սէբր:

Սքանչելի դիրքերու ետին պահուած կրնայիք գտնել խմիչքի դատարկուած ու լեցուն շիշեր, որոնք Գեղամին հոգիին մէջ հրդեհներ կր վառէին։

Աոանց խմիչքի ալ նուագ հրդեհուած չէր Գեղամ։

Իր դրախտն ութին մէջ յաճախ կրնայիք հանդիպիլ գրասէրներու, գրագէտներու։ Ներս մտնողը եթէ ծանօթ մրն էր, կը հիլրասիրուէր խմիչքով։

Գեղամին գրախանութը իմ տունիս մօտ էր։ Ուստի, իմ հանդիպում­ներս իրեն՝ յաճախակի, սակայն առանց խմիչքի։

Խենթի պէս կը սիրէր գրականութիւնը։ Կր գրէր։ Գրածը կը կարդացուէր։ Գիրքեր ալ կը հրատարակէր։ ճիւլիըս Ֆուչիքի «Գրուած Կախաղանի Տակ» գիրքր իեք հրատարակած էր։ Վաղգէն Շուշանեանի «Մթին Պատանեկութիւն»ը ինք հրատարակած էր։

Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ Գեղամը մտերիմ մը եղած էր Շուշանեանին ու երկար ապրած Ֆրանց Գաւքայի հետ։

Իրը ապրիլ չէր։ Իրը գրականութիւն ընելն էր։ Կր սիրէր գրելու համար, կր գինովնար գրելու համար։ Լեռնագնացութեան ընթացքին ձորի պռունկին ծաո մը համբուրել կը փորձէր, մատղաշ ծառ մը ու կիյնար փոսը։ Վնաս չունէր, այդ բոլորը յաջորդ օրը կր վերածէր գրականութեան։

Մէկ խօսքով, Գեղամը կ՚ապրէր գրականութիւն մշակելու համար։

Այդ օր, դարձեալ գացի «Օմար Խայեամ»: Գուռը փակ էր։ Իիթս փակցուցի ապակիին տեսնելու համար թէ բարեկամս նե^րսն է, որով­ հետեւ երբեմն, ինքն իր հետ րըալու համար կը փակէր գրախանութին դուռը, կր գրէր կամ կը կարդար։ Դրամ շահիլը իր ինչի^ն էր պէտք, ինչո**ւ, ինչի** համար։

Իիթս ապակիէն հեռացուցի սարսափահար: Ներսր ծուխ մը կար եւ անկիւնէն մոմի լոյսին չափ բոց մը լեղու կ՚երկարէր։ Լեղապատառ վազեցի դէպի Գեղամին տունը, որ կը գտնուէր հազիւ հազար մեթր մը հեռու։ Շնչահատ ելայ աստիճաններէն, եղանակը պարզ ըըալուն, դուռը բաց էր, ներս ինկայ, եւ արագահարուածէ դուրս եկող փամփուշտներու նման բառերու հարուածներ տեղացի։