Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/78

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ինք, գիչեւրանոցով նստած էր, հանգիստ։

- Ծօ քեզի եմ, ելի/ր, պոռալով ինքզինքս կր բզքտէի, բայց ինքը, լաւ, լաւ, քիչ մը նստիր, հիմա կերթանք, ըԱալիքը պիտի ըլլայ կըսէր։

Զեմ գիտեր այդ վայրկեանին, արդեօք Գաւքայի մէկ միտքը կր կրկնէ՞ր։ Գուցէ։

Ստիպումներուս վրայ ելանք եկանք գր ախ անութ։ ճանապարհին, ես կր վազէի, ինք կր քալէր։ Ինձմէ ետք հասաւ, բացաւ դուռը, ներս խուժոդ թարմ օդը երկարեց լեդուն բոցին։ Խիտ ծուխը հազալ տուաւ մեզ։ Կրակը մարեցինք։ Քանի մը տասնեակ գիրքեր այրած էին եւ խմիչքի մէկ քանի դատարկ չիչեր կրակի ուժէն ճայթած։ Այդքան։

- Տեսա՞ր, ըսաւ Գեղամ, մոխիր ալ չկայ, որ մոխիրի մասին գրենք։ Իրար անցած է իր. ի՞նչ կայ։ Եղածը մէկ քանի գիրք այրած է։

Հրդեհը մարած է ինք։ Նոր հրդեհ մը պէտք էր։

Ատկէ ետք, չատ հրդեհներ տեսաւ Գեղամ։ Իր րոլոր հրդեհները դիմաւորեց այս հրդեհին պէս. ինչո՞ւ նեղուէր, ինչի՞ համար։ Կեանքը այս էր, իր ապրած կեանքը, իր ըմբռնած ձեւով, սպիտակ սաւաններու հրդեհով, իր ճչմարտութեամբ, երբեմն ալ ուրիչներուն ճչմաբտութեամբ...

Գեղամ հրդեհներէ չվախցաւ երբեք...

Ու կբ չաբունակէ հրդեհել իր կեանքը... այսինքն գրականութիւնը։

Հալէպ, 23 Յուլիս 1985

ճամբաներր դիս Նիս տարին, Ֆրանսա: Հանդարտ քադաքին փողոցներուն մէջ պտոյտ մը կընեմ հանդարտօրէն, բայց հոգիիս մէջ փոթորիկներ կան։ Կուզեմ գտնել Հրաչ Զարդարեանր, խօսիլ անոր հետ Իր Հօրը Ռուրէն Զարդարեանի մասին, որ մեր գրականութեան «Զարնուած Որսորդը» եղաւ:

Որ ո**ւ հարցնեմ։ Հայու սիրտս ո^վ կր հասկնայ Ֆրանսայի մէջ:

Ահա վիրայի մը աո^եւ եմ։ Դրան վրայ գրուած է։ Վիրա Պոն է սբերանս (Զարի յոյսի վիրա)։ Ընդարձակ բակ մը պտղատու ծառերով ծանրաբեռն։ Ցանկութիւն կունենամ այսպիսի պտղաստան մը ունենալու, թէկուղ փոքր, ուր կարենայի քրտինք հեղուլ ու պտուղ քաղել։

եր քալեմ, րայցք կեցիր Թորոս, կիսեմ ես ինծիք պարտէզին կից տունին պատուհանէն կարծէք կր ժպտի անցորդին Ամենայն Հայոց Կա­ թողիկոսին մեծղի նկարր։

Ուրեմն, հայ տուն մըն է այս։ Ուրեմն, այս տունին բնակիչները կր սիրեն Վազգէն Վեհափառը։