Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/79

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ետ քայլ մը կընեմ ու մատս վիրային դրան դանգին վրայ է։

Դրան առջեւ կը գծագրուի դէմքը լեցունկեկ մարդու մր, որ հերաթափ չէ, բայց որուն մազերը նօսրանալ սկսածեն:

- Ուի, Մէօսիէօ, կիսէ մարգը, այսինքն ա այո, պարոն:

- Բարեւ ձեզ, կիսեմ հայերէնով։ Ինչպէս կը տեսնէք ես հայ եմ, այստեղէն կքանցնէի, ձեր լուսամուտէն տեսայ Վազգէն Վեհափառին նկարը, վստահ եղայ, որ հայ տունի մը առջեւն եմ, կրնաք ինծի օգնել, որ Զարդարեան Հրաչը գտնեմ, Նիս եկայ զինք տեսնելու համար։

- ճիշդ Զարդարեաններու տունը եկած էք, կըլլայ մարդուն պատասխանը։ Դուք ո՜*վ էք, ուրտեդէ^ն կու գաք։

- Անունս Թորոս է, Հայաստանէն կու գամ։ Աը սիրեմ Զարդարեաններու գրականութիւնը, զիրենք կր փնտռեմ։

Մարգը արցունքով սկսաւ լալ ու ըսեր- Ուրեմն Հայաստանէին կու գաք, ես Ծովասարն եմ, Ռուրէն Զարդարեանի փոքր որդին։ Իմ անունս Ծովասար կնքած ու կնքահայրս եղած է Զօր. Անդրանիկր, ի յիշատակ Ծովասարի յաղթական կռիւներուն։

- Բայց ինչո^ւ կեցած կը խօսիմ ներս հրամեցէք ու դէպի տունը ուղղուելով յուզուած ձայնով մը պոռաց.– Մամա, Հրաչ, երուանդ, Հայաստանէն մարգ եկեր է մեղի։

Դրան սեմին երեւցան Հրաչը, մայր Զարդարեանը, Երուանդը։ Բացակայ էր Ռափայէլը։

Զիրար չէինք ճանչնար: Ողջագուրուեցանք։

Ներկայացուցի ինքզինքս։ Պատմութիւն դարձած մարդոց հետ էի։ Վար ծէք հեռաւոր, շատ հեռաւոր անցեալ մը, ձիւներու տակ թաղուած անցեալ մը, յանկարծ, ձնծաղիկի պէս դուրս հանած գլուխը, տարապայման ձիւնին տակէն կը ժպտէր մեղի։

Զարդարեա ններ։

Նստեցանք զրոյցի։ Անցեալն ու ներկան նոյն հենքին վրայ հիւսւեցան։ Զարդ, Ռուրէն Զարդարեանին ձերրակալումր, Զարդարեաններուն էովկաս անցնիլը, իրենց հիւրընկալումը Մեծն Թումանեանին կողմէ։ էսածներս հեքիաթչէին։ Մեր պատմութիւնը կր լսէի։ Ար լոէի ու ականջներուս չէի հաւատար։

երբ ին անվերջանալի հարցերս առկախեցի, իրենք անցան հակայարձակումի, հարցումներու տարափով, երկիրին Հայաստանի մասին:

Մայր Զարդարեանը սեղան բացաւ: Հիւրասիրեց զիս։ ՀրաՀր է*Ըսէր*՜՜ Տիկխն Զարդարեան, կամսքց, կրնաս իյնալ, թոյլ տուր, որ մենք շտկենք սեղանը:

- Ո՛չ, ո՜չ, կըսէր մայր Զարդարեան, այս տղան Հայաստանէն եկած է, մեր հողէն եկածէ, կորսուածու գտնուած հողէն, ե*ս պիտի հիւրասիրեմ զինք, ե՜ս պիտի հիւրասիրեմ...