Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/8

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

հերը Թորանին ժայռը կը նախընտրէին; Թուզ, չամիչ, չորթան, թաբխանայ, Թորանի այգիին մաքուր ժայռերուն վրայ տարբեր Համ մը կ Առնէին։

Կուլ գար Հայրդ ալ ու մեզի՝ իր Հասակակիցներուն հետ զրոյցի կը նստէր Հոն։ Հայրդ զէնք մը ունէր։ Որսի զէնք էր։ Յաճախ միասին որսի կելլէինք։ Մենք միասին գրաճանաչ դարձանք։ Հայրդ լաւ դիր ունէր։ Մեր ուսուցիչը իրեն լաւ ապագայ կը նախատեսէր։

Օր մը, Հօրմէդ թախանձագին խնdրեցի, որ իր զէնքը ինծի տար մէկ օրով, աւելի ճիշդը՝ յետմիջօբէի մը։ Չտուաւ։ Ընկերոջս այս ընթացքը վիրաւորեր զիս։ Ինք քաջ տղայ էր։ Ինչ կրնայի ընել իրեն։ Փոխ վրէժի մասին կը մտածէի։ Սատանան մտաւ մէջս: Ի՞նչ ընէի։ Մտիր, Աւետիս, ըսի ես ինծի, մտիր Թորանի այգին ու խազող քաղէ որքան որ կրնաս։ էրկու Հսկայ փէչ խաղող Հաւաքեցի ու տուն տարի, այսինքն կը Հասկնա՞ս, ձեր այգիէն գողութիւն ըրի...

Հիմա, որ ծերացեր եմ, ու այսօր որ քեզի Հանդիպեր եմ պատաաբար, գողութեանս պահը ապրեցայ ու տես, դող մը եկաւ վրաս։ Ես գերեզմանէն Հեռու չեմ տղաս, եկուր, եօթանասուն տարի առաջըրած գո­ղութիւնս Հալալ ըրէ ինծի։ Ըսէ, Հալալ կընե՞ս... Մեծ Հայրդ չկայ, տա­րագրութեան ճամբաներուն վրայ մեռաւ։ Հայրդ չկայ, մեռաւ Զահլէի մէջ։ Դուն կաս, Թորանենց Խաշերէն անմեռ շիթիլը քեզ ղուրպան, այդ գողութիւնս Հալալ ըրէ...

Տէր Գալ ուստը աշխատանքը դադրեցուցած, մտիկ կընէր ծերունին:

Մտիկ կընէր ու ինծի կը նայէր:

Յանկարծ, Տէր հայրը ինծի դառնալով, Թորոս, ըսաւ, Աւետիս քեռին կարծեմ քեզի գրելու նոր նիւթ մը տուաւ:

Ես լո՜ւռ կարտասուէի... ու արցունքներուս մէջէն, ոտքի եԱելով, հալալ րըայ, հալալ րԱայ Աւետիս քեռի պոռացի ծերունիին ականջին տակ, քանի լսողութիւնը ծանր էր:

Երբ հասկցաւ ըսածս, ժպտեցաւ, այնպէ՜ս ժպտեցաւ, կարծես վեր­ ջալոյսի արեւն էր, որ կը բոցավառէր հորիզոնի ամպերը...

Աւետիս քեռին, հօրս երկրի խաղընկերը, որ այսօր ութսուն տա­րեկան է, այս զրոյցով գրեց գիրքիս յառաջաբանը:

ԹՈՐԱՆԻ ԹՈՌ, ԽԱԶ ԵՐԻ ՈՐԴԻ
ՔԵՌԻ ԹՈՐՈՍ

Հալէպ, 3 Սեպտեմբեր 1985