Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/80

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

քյս քանի՞ ան գամ գտնուած եմ խոր տպաւոր ու թեանը տակ հայ մայրերու։ Պաշտել ուգած եմ հայ կինը, երբ հանդիպած եմ Թոթովենցի կնոջ Լուսիկին, երբ հանդիպած եմ Աղբալեանի կնոջ՝, երբ խօսած եմ Ռուբէն Զարդարեանի կնոջ հետ: Դուք, հայ կիներ, տարւապանքի եւ համբերութեան ու մանաւանդ յաղթանակի մարմնացումներ։

Ձեր սպիտակ մազերէն լոյս կը ճառագայթէր, տառապանքը ապրած մազերէն լոյս կը ճառագայթէր։ Ձեր դէմքերուն ակօսներէն, տառապանքը ապրած ակօսներէն լոյս կը ճառագայթէր։ Ձեր ալքերէն, տառապանքը տեսած ու ապրած ալքերէն լոյս կը ճառագայթէր։ Ու ձեր բերանները կը քացուին ոՀլ թէ անէծք, այլ լոյս սփռելու համար։

Ես ծունկի եկած ու համբուրած եմ ձեր ձեռքերը եւ օրհնած այն ժա­ մը, որ տեսած եմձեգ ու ձեզմով հարստացած

Հիմա, մայր Զարդարեանը, դէմս նստած, դիւցագնավէպէ մը դուրս եկած կին, կը պատմէ իր Ռուբէնին, մեր Զարդարեանին վիրջին գիլերը, որ շատ նման է Զօհրապի վերջին գիլ երին, որ շատ նման է քրիստոսի խալելութեան նախորդող վերջին գիշերին։

Պիտի ապրիմ, կ*ըսէր մայր Զարդարեան, մինլեւ տեսնեմ Հայաստանը։ Ռուբէնիս կորուստէն ետք իմ եր կար ապրելուս գաղտնիքը զաւակ­ներս են ու Հայաստանիս գոյութիւնը։ Թուրքը լհասաւ իր նպատակին, հայուն ոսկորը մնաց թուրքին բուկին մէջքամուած... Ախ, մէյ մը տեսնէի Հայաստանը։

ելաւ ոտքի, դանդաջելէն գնաց։ ՀըաՀը լուռ էր, Երուանդը լուռ էր, Ծովասարը լուռ էր, Ռափայէլը կը բացակայէր։

Չորս ման լ ունէր Ռուբէն Զարդարեան։ Չորսն ալ ողջ մնացած էին շնորհիւ Ռուբէն Զարդարեանի մէկ թուրք մտաւորական ընկերոջ։ Այդ թութքը* մայր Զարդարեանն ու իր զաւակները հասցուցածէր Պուլկարիա։ Զարդարեանները գեհենի կրակներէն իրենց ազատումէն ետք, շունլերնին առած էին եովկաս, Թիֆլիս։ Անկէ անցած էին Ֆրանսա։

Դանդաջեւէն վերդարձաւ մայր Զարդարեան։ Եկաւ, ձեռքին հա­գուստ մր։ Ոոլորս իրեն կը նայէինք։ Մայր Զարդարեանին ալքերը արցունքի մէջ լողացող կղզիներ էին, երբ խօսեցաւ,– եր տեսնէ՞ք այս հագուստը, Ռուբէնիս պսակուեցայ այս հագուստիս մէջ։ Տար տղաս, այս հագուստս տար Հայաստան։ Այս հագուստս Խարբերդէն է։ Տար, որ նա­ խանձին հագուստիս, թող հարսանեացս այս հագուստը ինձմէ առաջ տես­ նէ Հայաստանը... Փգձկեցաւ մայր Զարդարեան... Տարինք, պառկեցուցինք ղԻնք> ըսինք, մայրիկ, քիլ մը հանգիստ ըրէք, մենք Հրալին հետ խօսինք, վեՐջը կ ու գանք։

Հրալ Զարդարեանին հետ եմ։ Ւրաւ քուրմ մը գրականութեան, որ կ՚ապրի աղմուկէ հեռու ու գրիլ կր շարժէ, երբ ըսելիք մը ունի։ Տարիները