Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/81

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պաշար մր դիզած են իր Հոգիին մէջ։ Տարիները հովի նման չեն անցած։ Անմիջապէս կր զգաս, որ խոսակիցդ մտավորական մրն է լայն իմաստովը բաոին:

եր խօսինք Հայաստանէն, Հայաստանի գրոդներէն, իբանանահայ գրոդներէն, Ֆրանսայի անցեալէն ու ներկայէն, միշտ հայուն ցաւը նկատի ու նենալով։

կեանքի բարդութիւնները կ1արտացոլան Հրաչին դէմքին վրայ ու գրականութ՜եան մէջ ու մեղմ ստոյիկեան ժպիտ մր նաեւ, որ ներողամ­ տութեան ժպիտն է մեծէ մր եկող ու փոքրերու վրայ տարածուող։

Մեծամիտ մը չէ երբեք մեծ դառնալու սահմանուած այս մարգը, որ պարագաներու բերումով ինկած է Նիս ու իր հոգիին փոթորիկները զսպած սա խաղաղ անկիւնին մէջ, որ Նիս քաղաքն է ու սա խաղաղ վիրային մէջ, զոր կոչած են «Թարի Յոյս»։

երկին կու գայ մայր Զարդարեանր:

Մնաք բարով կիսեմ բոլորին։ Արցունք կայ բոլորիս աչքերուն մէջ։

- Հայաստանին բարեւ ըրէք, պիտի գանք, կիսէ մայր Զարդարեւան, Տիկին Թումանեանին բարեւ ըրէք, Թումանեանի աղջիկներուն բարեւ ըրէք...

եր դառնամ դրան առջեւէն ու կիսեմ, այո, ողջ է Տիկին Թումանեանը, ողջ են Թումանեանի չորս աղջիկները, ինչպէս ողջ էք դուք ու Թուրէն Զարդարեանին չորս մանչերը...

- Ցտ եսութիւն։

- Ցտեսութիւն։ եր քալեմ ապրող պատմութիւն մր ետիս թողած։ Պատմութիւն դառնալու սահմանուած ապրող պատմութիւն։

Հալէպ

Սխիթարեան այս հայրը մեծ բանաստեղծ մր չեղաւ, բայց ծնաւ ու մնաց մեծ հայրենասէր, մեր մշակոյթին ամրոդջ սիրտով նուիրուած հայ։

Սխ իթ ա ր եան այս հայրը մեծ արձակագիր մր չեղաւ, բայց գրեց պատմական փ ոք ր ա ծա ւա լ վէպերու շարք, հայ հողը, հայոց հայրենիքը, հայ մշակոյթը սիրելի դարձնելու համար հայ պատանիին:

Ւր լոյսր ջահ մը չէր, բայց լոյս մրն էր, որ լուսաւորեց շատ հոգիներ, ուր որ գնաց։

Շրջան մր Հալէպ գտնուեցաւ եւ տնօրինեց Հալէպի Սխիթարեան Միջնակարգ վարժարանին գործերը։