Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/87

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Շուր2ը աղմուկ, շուր2ը աղաղակ, իր մեղեդին ո՜°վ լսէր:

Ոլ ինքը, Նիկողոս Սարաֆեանը, այս տարագիր ու տարատունկ մարդը, գրողը, ինչպէ^ս քէն չընէր իր իսկ աղգին դէմ, իւրայիններուն դէմ ու չդառնար մենակեաց։

Դարձաւ։ Իէն պահեց իր շրջապատին դէմ: Առանձնացաւ։

Ու հիմա, իրեն հետ ու իրմէ ետք այդ ցաւն է, որ կ ^աղաղակեմ այս տողերով։ Կնւղեմ կրակ դառնալ ու հրդեհ, որ մոխրացնեմ Սարաֆեանը այս կացութեան մատնոցները։

Ինչ լաւ էր, որ դուն, Սարաֆեան աշխարհին հետ կապ կը պահէիր քեզ քանի մը հասկցողներու միջոցով։

Անոնցմէ մէկը Զարեհ Որբունին էր։ Ան ալ քեղի պէս տարագիր։ Ան ալ քեղի պէս կեանքի ճանաչողութեան հետամուտ, պեղելու, խորանալու հետամուտ գրող մը եւ իր անունովն իսկ զարնուած բախտի հարուածէն - Որբունի։

Միթէ բոլոր հայերը որբ չե^ն առանց հայրենիքի։

Ահա դիմեցի Որբունիին, որ քեզ տեսնեմ։ Որբունին սիրով յանձն առաւ ապահովել ժամադրութիւն մը։ Առաջին ան գամ արձանագրեց ձախոդութիւն։ Եկաւ ըսելու, որ նախ պէտք էր պատրաստէր ուղին, նախապատրաստէր քեզ։ Իմ ժամանակս քիչ էր. Փարիզ հասնիլ ու Սարաֆեանը չտեսնել ու հաշտուիլ պարտութեան այս գաղափարին հետ ամօթ էր։

Ու դուն չուղեցիր, որ ես ամօթով մնամ։ ժամադրութիւնը կայացաւ։ Ռիչէ փողոցին վրայ, սրճարանի մը մէջ, երեք հայոլ գլուխներ ծռած կը խօսէին։ Խմիչք չկար։ Սուրճի երեք բաժակներէ զատ ոչինչ կար սեղանին վրայ, ու այդ երեք բաժակներուն մօտ հայու վեց ձեռքեր, որոնք երբեմն Կը բարձրանային վեր, երբեմն կ Չըլլային բռունցք, երբեմն կիջնէին հարուածելու սեղանը։

Դուն գիտեսէ Սարաֆեան, որ Որբունին սքանչելի նկաբագրած Է գինովը։ Մենք, այդ օրը գինով Էինք։ Երեք գինով։ Մեր խմածը աշխար հի ամէնէն թա նդ խմիչքն էր հայուն տառապանքը, ոտքին տակ հայրենի հող չունեցող նարդու տառապանքը։ Որովհետեւ գրականութիւնն ալ հողին վրայ կը ծաղկի, հողին վրայ կը կարդացուի։

Որքան բարկացած, զայրացած էիր այդ °բ աւելի ճիշդը ընթացք կու տայիր կուտակուած զայրոյթիդ խօսելով աժան խանդավառութիւններու դէմ, արուեստի մեղանչումներու դէմ, անորակ գիրքերու համար վատնուած մելանին դէմ, կամրընկեց Արաքսն էիր այդ օր, հեղեղ էիր, ու ցասումիդ Հեղեղը արդար էր...

Երկու ժամ զայրոյթիդ հեղեղը մտածումներս զարկաւ ապառաժէ ապառաժ։ Ինձի ուղղուածչէին խօսքերդ, բայց ես պէտք է արձագանգէի, զայրոյթիդ թարգմանը դառնայի հասարակութեան առջեւ։