Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/89

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

շնասիրութեան չէինք հասած, մեր պայմանները տարրեր էին:

Կը հպարտանայիր տունովդ: Անցեալին, իշխանական տուն եղած էր: Բայց ինչ ըներ որ դուն, այդ իշխանական տունին ամէնէն վերի յարկը կր բնակէիր, որուն մէկ մասին աոաստաղր ծու ո ու ցած ըլլալուն, ոտքի կենալ կարելի չէր: Պէտք էր կամ նստէինք, կամ երկննայինք:

Իսկական վերնատուն մրն էր տունդ, որ ունէր քիչ այցելու, րայց որ կր վերածուէր իրաւ գրական ասուլիսի սենեակի, երբ Մերձաւոր Արեւելքէն քեզ տեսնելու գային մեր գրականութեան սիրահար տդաքր Դրիգոր Պլրտեանը, Սարդիս Վահագնը, նկարիչ Տիգրան Տատրեանը, ի վերջոյ ես:

Գրադարանդ ճոխ էր, մեծութիւններու շտեմարան մը, որոնց հետ անրնդմէջխոսակցութեան մէջ էիր.

Կր վերցնէիր գեղատիպ գիրք մր ու հարց կոլ տայիր,– Ինչո^ւ, հայ գիրքը այսպէս չտպուի: Հիացումով կր նայէի գիրքին ու կր կրկնէի քու հարցումդ: Ինչո՞ւ հայ գիրքր այսպէս չտպուի:

Շաս7 հոգ կր տանէիր առողջութեանդ: Հակառակ եօթանասունը անցածԸԱաէոլդ* մը ^աԸԸ աուիր ինծի, հաստատելն՛ առողջրԱալս: Ել առանց պատասխանի սպասելու գլուխկոնծի տուիր տունիդ գորգերուն վրայ։

Ինծի կր մնար լիահագագ խնդալ:

^ՒՐՔ^ՐԴ մակագրէիր ինծի ու կ *րս էիրԲատերուն ղրկեցի «Անձրեւոտ Օրեր»էս, մարդիկ շնորհակալութեան դիր մը անգամ չղրկէ Ցին։

Մեծահարուստ հայու մը, պատմեցիր օր մը, ղրկած ես «Եւ Եղեւ Մարդ» վիպակէդ: Սարդը նամակատան միջոցով տասը ֆրանք ղրկած է քեղի, կարծելով թէ զայդ հացի դրամ պիտի ընես:

Դուն դրամը վերադարձուցածես, երկտողով մը,– Բու դրամիդ պէտք չունիմ: Ես գրող եմ: Թէ կր գրեմ, թէ կր հրատարակեմ եւ թէ ալ գիրքս ձրի կր ղրկեմ քեղի պէսներուն:

Բեղմէ լաւ եմ: Թքած եմ դրամիդ վրայ:

Այդ ԸԸամդ «Եւ Եղեւ Սարդ» վիպակին համազօր գործ էր: Եւ դուն գիտես, որ այդ գործդ շատ հաւնած էի: Ու օր մրն ալ Շահ ան Շահնուրին մօտ երթալ գալէս ետք ըսի քեղի, թէ Շահնուրն ալ հաւնած էր այդ գործդ, Հրաչ Զարդարեանն ալ:

Սարդը, անվիճելի, մեր գրաակնութեան մէջ քիչ անգամ հանդիպող գործ մր հեղինակած է, ըսին անոնք:

Հալածուածներուդ շարքը կանուխ սկսար, փորձեցիր վերջացնել, բայց մահր աւելի շուտ վերջ տուաւ կեանքիդ:

Հալածուածները կը վերջանալն... «Փորձ»էն մինչ «Սովորական