Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/9

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Այդ օրերուն Կարպիսր Սարկաւագեան կը կոչուէր։ Եկած էր Աթէնքէն Պարթենոնի շքեղութիւնը հոգիին մէջ, ու ծարաւ հողին նման կը ներծծէր հայող պատմութիւնը, հայոց լեզուն ու գրականութիւնը, կոմիտասեան երաժշտութիւնն ու դասականները, մէկ խօսքով այն ամբողջ լաւն ու լաւագոյնը, ղոր հայն ու մարդկային ընկերութիւնը դարերով կուտակած էր որպէս գեղարուեստ:

Սարկաւագեանը անմիջապէս կը զանազանուէր իր դասընկերներէն իր շրջապատին մէջ: Կերգէր, կարտասանէր, կը կարդար: Ովկիան մը կԱելու տրամադրութիւն ունէր։ Տեսիլք ու տեսլական ունէր։ Կը վազէր ու գիտէր, թէ դէպի ուր։ Ու անոնղմէ էր, որոնք կրնան ուղենիշ մը ջարդել երբ այդ ուղենիշը սխալ ճամբայ ղոյղ տուած է։

Միջավայրը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնն էր։

Ահա օր մը, դպրոցին արեւելեան կողմի աստիճաններուն վրայ նստած, կը կարդայի գրքոյկ մը։ Գրքոյկը հարիւր էջի սահմաններուն հասնելէ շատ հեռու էր։ Կը կարդայի ու հոգիիս մէջ փոթորիկ մը ծայր կու տար։ Եռաղող կաթսայի կը նմանէի, որուն բորբոքուն կրակը այդ գրքոյկիե տողերն էին... իսկ դիրքը սա տողով կը սկսէր «Ուրուական մը կը պտտի Եւրոպայի մէջ...»։

Սարկաւագեանը մօտեցաւ ինծի, բարեւեր, ու ինչ կը կարդաս, ըսաւ. չըԱայ դողերողք ունիս, կարմրած ես..

Ցոյց տուի գիրքը։

Կարդա, ըսաւ, կարդա։ Մելգոնեան հաստատութիւնը այն ովասիսն է, որ ծարաւին ջուր կու տայ, անօթիին հաղ ու կը կշտաղնէ որկրամոլն ան դամ։

Ըսաւ ու գնաց։

Ես շարունակեցի կարդալ։ Ժամմը ետք, գրքոյկին ընթերցումը աւարտած, երբ կը պատրաստուէի ոտքի եըել անկշռական վիճակի մէջ, ինչպէս լոդորդ մը ովկիանի ալիքներուն յանձնուած ալ դադրած կըլլայ լողալէ, տեսայ, որ պահակի պէս կողքիս կանգնած է Կարպիս Սարկաւագեանը։

Ինչ ըրիր, աւարտեցիր ընթեր ղումը, եղաւ իր հարղումը։

Հաստատական պատասխանիս վրայ, վերցուց գիրքը Տեսքէս ու շարունակեց. - Թորոս սիրելիս, արագ կարդար իր։ Այս գիրքը փոքր է բայց ծանր քեզի համար։ Ծանր գիրքերը, առ հասարակ գիրքերը, դանդաղ պիտի կարդաս, որ քուկդ րԱան։ Հողը խորունկ կը հերկեն, որպէսզի ղորենի հասկերր րԱան ատոք, ղանքը ըԱօւյ բերք առատ։ Արադ կարդալը կը նմանի հօղր մակերեսէն հերկելուն, երբ հասկր կ՛ըլլայ վտիտ ու բերքը անբաւարար։