Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/91

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

սէյլ։ Երկու տարի պաշտօնավարեց Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական Հաստատութեան մէջ: Գրեց մէկ քանի թատրերգութիւններ: Ոայց չդարձաւ ոչ քննադատ, ոչ արձակագիր ու ոչ ալ թատերագիր գրական ճանաչումի իմաստով։

Այսօր ալ, երբ կր գրեմ այս տողերր կապրի Մարսէյլ:

Ունեցած եմ իր հետ մէկ քանի հանդիպում։ Սուր աչք, մաք ուր, զու­լալ կոչուելու չափ մաքուր հայերէն, պաշար ունեցող զրուցակից։

Սեղանի մր շուր2 էինք Մարսէյլ, Կարապետ Փօլատեանի յարկին տակ։ Զուարճախօսութիւն, ագգային ցաւեր, գրական մտորումներ, ահա/ մեր կերակուրին աղանդերը։

Պետրոս Զարոյեան դժգոհ էր։ Դժգոհ ամէն ինչէ։ Մարդոցմէ, ազդէն, գրականութենէն։ Մէկ խօսքով, մեզ շր2ապատող ամէն ինչէ։ Պետրոս Զարոյեանին, գրեցէք, րսի, գրեցէք ձեր դժգոհութիւններուն մասին։ Դուք մեծ դժգոհ մըն էք։ Գրեցէք ձեր զայրոյթին մասին, ձեր ցա­սումին առիթ տուող բոլոր երեւոյթներուն մասին, ու այն ատեն մենք կունենանք գրականութիւն մը, որ դժգոհութիւններու գումար է. րայց այդ գրականութիւնը մեղ դժգոհութեան չ՛առաջնորդեր, մենք քեզմէ գոհ կր մնանք։

Սեղանակիցներս խնդացին։

Ըստ երեւոյթին, քանի հակառակր փաստոգ տպագիր խօսք չունինք Պետր ոս Զարոյեւանէն, այս գրողը ինքզինք սպառեց խօսելով, երբ պէտք Էր շահեր ինքզինք թէ* իրեն եւ թէ: մեզի համարէ գր ելով։

Վերջին ան գամ, 1984ի Նոյեմբերին, երբ Փարիգ կր գտնուէի ու ինծի ծանօթշատ մը գրողներ չկրցայ տեսնել, որովհետեւ անոնք բոլոր, դարձած են ան դեն ականի բնակիչ, սուր ցանկութիւն մը դիս մղեց որ ցանեմ Զարոյեանի մարսէյլեան հեռախօսի թիւր ու խօսիմ իր հետ։

Անմիջապէս կապուեցայ։ Ու երբ հասկցաւ ովԸԱալս, ըսի.– Ւնչպէ^ս ես, ի**նչ կընես, Զարոյեան։

Հեռախօսին միւս ծայրէն Զարոյեանի փշաքագող ու լալագին ձայնն էր.– Թորոս, չեմ գիտեր ինչու կապրիմ, բոլոր, բոլոր ընկերներս մեռան, միայն ես մնացեր եմ մեր սերունդէն։ Կ՚ուզեմ մեռնիլ, րայց տակաւին կամ ու կր շնչեմ։

Ես այս ծայրէն ապրելու մասին խօսեցայ։ ԶարոյեաՂւ, ըսի, երբ կաս, ուրեմն ընելիք ունիս։ Գրողին գործը չի վերջանար։ Կեանքը կր վերջանայ, րայց գործը կր մնայ կիսատ։ Ուրեմն աշխատելու ես, գրելու ես։

Ոայց, ընդմիջեց խօսքս Զարոյեան, ես գրեմ, ո**վ տպէ եւ տպուելէն ետք ո^վ կարդայ։

Պատրաստեցէք գործ մը վերլուծական կամ թատերական, ինչ որ կքաղէք, ա այգ գործ՜ը թող ըըայ երկու հարիւր տպագիր էջի սահման–