Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/92

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ներուն մէջ. ես տպւսգրել կու տամ։ Ու տպագրուած գոր&իդ համար ընթ՜երցողներ ալ կը գտնեմ...

Գիծին միւս ծայրէն... լոութիւն...

Զխօսի^ս, Զարոյեան։

Հաւատա*, Զարոյեան, հաւատա*... աու գրիչ մը ու գրէ Հալէպի հաս­ցէս: Անմիջապէս որ պատրաստես գործը, ղրկէ հասցէիս ու մէկ քանի ամիս ետք ստացիր տպագրեալ գիրքիդ օրինակները։

9*րեց հասցէս։ Շնորհակալութիւն յայտնեց։

Շուտով տարի մը կ*րԱայ, որ լուր չունիմ իրմէ։ Չգրեց։ Հայ գրողի ճակատագիր...

Հալէպ

Խումը մըն էինք։ Եկածէինք Մելգոնեան կրթարանէն Հալէպ։ Գրա­կանութեամբ խանդավաո տղաք։ Երբ լսէինք նոր գիթքի մը լոյս ընծայումին մասին, նամակ կր գրէինք հեղինակին, քանի մը տասնեակ գիրք կը խնդրէինք։ Այդ գիրքերուն փոխարժէքը կուղարկէինք տուեալ հասցէով։

Այդպէս ծանօթացայ Մարի Աթմաճեանին։

Ստացայ «Գողգոթայի Շուշանները», աւելի ուշճ «Աստեղաքաղը» եւ այս գիրքերուն շնորհիւ հաճելի թղթակցութիւն մը ծայր առաւ մեր միջեւ Փարիզէն Հալէպ եւ հակաոակր։

Մեր նպատակը միայն մէկ քանի գիրք տարածել չէր։ Միաժամանակ առիթը կը գտնէի գրախօսելու ստացած գիրքերս։

Ահա այդ առիթով, Մարի Աթմաճեան, կարդալէ ետք իր մէկ գիրքին մասին գրախօսականս, կը գրէր ինծի.–

- Շատ խիստ էք։ Զօպանեանը հաւնած էր գործս։ Եսկ դուք, այդպէս*..

Զսիրեցի այդ համեմատութիւնը։ Անկասկած, Զօպանեանը մեծյարգւսնքի արժանի անուն մըն է մեր գրական աշխարհին մէջ, բայց այդ չի նշանակեր, որ իր բոլոր խօսքերը մենք պիտի ընդունինք որպէս պատգամ։

Օրինակով մը խօսելու համար, կրնանք հաստատել, որ մենք կը պաշտենք մեր հայրենիքը։ Հայրենիքը համայնագիտարան մը կը հրատարակէ, որ վեր է ամէն գնահատանքէ, իսկապէս ողջունելի գործ, բայց հոն կան անուններ, որոնք մուտք գործելու չէին այդ սրբավայրէն ներս, ու կան դուրս մնացած անուններ, որոնք պատւոյ տեղ ունենալու էին այդ բացառիկ հրատարակութեան մէջ։