Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/94

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իսթանպուլի Բարք օթէլին մէջ, Զահրատի խանութին մէջ, Հատտէճեանի տունին ու Խրախունիի բնակարանին, Մեծ Կղզիին ու մամուլի էջերուն մէջ հանդիպած եմ ու կր հանդիպիմ այս եոեակին:

(յռեւակ մը, որ հայ գրականութեան ւոապւսնակ ուխտին կր պահէ իր ուսերուն վրայ:

Սիրելի անուններ: Ինչու չըսեմ երբեմն, անունները սիրելի են, երբ զանոնք կր ճանչնաս հեռուէն, երբ զանոնք կր ճանչնաս գրականութենէն: Իսկ երբ մօտենաս, խօսիս ու վիճիս, կր տեսնես ոսկի երազի մը գետին իյնալն ու փշրուիլը չինական թանկագին յախճապակիի մը նման։

Ու կիսես,– երանի անձնապէս ճանչցա ծ չըԱայի։

Բայց այս երեք տղաքր, այս երեք նուիրեալները գրականութեամբ ճանչնալէ ետք, երբ անձնապէս կր ճանչնաս, անպայման կ իսես,– Ափսո՜ս, որ կանուխէն չեմ ճանչցա&:

Ահա հաւաքուած ենք Բարք օթէլի սենեակիս պատշգամբին վրայ։ Վարը Մարմարան է։ Բովս «Մարմարա» օրաթերթի խմբագիր ա Ռոպէր Հատտէճեանն ու նոյն օրաթերթի գրական էջի աշխատակիցներ Զահրատն ու Խրախունին։

Ես կր խօսիմ ու հաստատումներ կինեմ իսթանպուլահայ գրողներու մասին։ Իրենք կր ձայնագրեն ըսածներս «Մարմարա»ի համար։

Այո*, կր շեշտեմ այն միտքը, թէ սխալ է պոլսահայ գրականութիւն մը սպասել իսթանպուլահայ գրողներէն, ինչպէս սխալ է Նարեկացի մը սպաս ել այսօրուան Հայաստանէն։ Մեծերը ուշ-ուշ կր ծնին, րայց ժամանակին, ինչպէս կիսէ Պարոյր Սեւակ։

Այս միտքը չի ձգտիր նսեմացնել վաստակը իսթանպուլա հայ գրողներուն։

Պոլսահայ գրողը գրիչ կր շարժէր երկու հարիւր հազարէ աւելի պոլսահայութեան ու երկու միլիոնէ աւելի հայա ստանա բնակ հայերու համար։ Այդ օրերուն Պոլսոյ մէջ մէկ քանի հարիւր տպարաններ, եկեղե­ ցիներ ու դպրոցներ ունէինք։

Այսօր փոխուած են պայմանները։ Ամբողջ Թուրքիան, ներաոեալ Իսթանպու/ր, պարպուած են հայութենէ, Արեւմտեան Հայաստանր առ այժմ դարձած է պատմական հասկացողութիւն։

Այս պայմաններուն տակ ի^նչ պիտի ընեն իսթանպուլահայ գրող­ ները։

Բայց հակառակ այս պայմաններուն, Իսթանպուլր տուաւ հայ գրող­ ներ, որոնց գրականութեան չգտլր կորուստ մը պիտի ըԱտր մեղի համար։